Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Մեկնաբանէ Սեւ Ծովուն Վրայ Ամերիկեան Անօդաչու Թռչող Սարքի Հետ Միջադէպը

Մարտ 16, 2023
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան «Էմ.Քիու-9 Ռիփըր» անօդաչու թռչող սարքը Սեւ ծով ինկած է կտրուկ խուսանաւելուն պատճառով, ռուսական հալածիչները անոր հետ բախում չեն ունեցած: Այս մասին յայտնած են Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն` մանրամասնելով, որ միջադէպը տեղի ունեցած է երեքշաբթի առաւօտեան` Խրիմի շրջանին մէջ:

Անօդաչու թռչող սարքը թռիչք կատարած է Ռուսիոյ սահմանին ուղղութեամբ` խախտելով զինուորական յատուկ գործողութիւն կատարելու նպատակով ստեղծուած օդային տարածքի օգտագործման ժամանակաւոր դրութեամբ տարածքի սահմանները:

Ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքին յայտնաբերումէն ետք օդ բարձրացած են հերթապահ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերու հալածիչները: «Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը շուրջ 9:30-ին կտրուկ խուսանաւելուն հետեւանքով «Էմ.Քիու-9 Ռիփըր» անօդաչու թռչող սարքը բարձրութեան կորուստով սկսած է անկառավարելի թռիչք կատարել եւ բախած ջուրի մակերեսին», նշուած է Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Նախարարութենէն ընդգծած են, որ ռուսական հալածիչները զէնք չեն կիրարկած եւ անօդաչու թռչող սարքին հետ բախում չեն ունեցած:

Ըստ ամերիկեան բանակին, ռուսական «Սու-27» հալածիչ մը անօդաչու թռչող սարքին վրայ վառելանիւթ թափած է, յետոյ անոր բախած, որուն պատճառով ալ սարքը ջախջախուած է:

Միջադէպին պատճառով Ուաշինկթըն յայտարարեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչած է Ռուսիոյ դեսպանը, իսկ Սպիտակ տան մէջ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի ըսաւ. «Ուաշինկթըն մտադիր է ռուսական պատերազմական օդանաւի եւ ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքի Սեւ ծովուն վերեւ իրարու բախելու միջադէպին հարցով կապ հաստատել Մոսկուայի հետ»:

Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան Անաթոլի Անթոնով երէկ յայտարարեց, որ ամերիկեան բանակին Ռուսիոյ սահմաններուն չափազանց մօտ գործունէութիւնը «անընդունելի է եւ մտահոգիչ»` աւելցնելով. «Մենք լաւ կը գիտակցինք այսպիսի հետազօտական օդանաւերու եւ յարձակողական սարքերու օգտագործման նպատակը: Ամերիկեան անօդաչու թռչող սարքերը կը հաւաքեն հետախուզական տեղեկութիւններ, զորս Քիեւ կ՛օգտագործէ Ռուսիան հարուածելու համար»:

Ան ըսաւ, որ Մոսկուա կ՛ակնկալէ, որ «Միացեալ Նահանգներ կը դադրեցնեն ռուսական սահմաններուն մօտ օդային թռիչքները»:

«Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պեն Ուալըս Մոսկուային կոչ ուղղած է յարգելու միջազգային օդային տարածքը:

 

 

Նախորդը

Իրանի Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Քարտուղարը Մօտ Օրէն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ Պիտի Այցելէ

Յաջորդը

Մոսկուայի Մէջ Ասատ-Փութին Հանդիպում

RelatedPosts

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»
Գլխաւոր լուրեր

Տմիթրիեւ. «Փութինի Եւ Թրամփի Ժողովը Պիտի Գումարուի, Եւ Ուքրանիոյ Տագնապը Դիւանագիտական Լուծում Ունի»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»
Գլխաւոր լուրեր

Հայէ. «Մեր Զէնքը Կապուած Է Բռնագրաւումին Եւ Նախայարձակումին»

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը.   Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ
Միջազգային

Ըստ Ամերիկացի Պաշտօնատարի Մը. Թրամփի Եւ Ընի Միջեւ Ժողովի Գումարումը Ասիական Շրջապտոյտի «Օրակարգին Վրայ» Չէ

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?