Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այցելելով Բերձորի Միջանցքի Սկզբնամաս Եւ Ջերմուկ` ՕԹԱՆ-ի Նախկին Ընդհանուր Քարտուղարը Ալիեւէն Կը Պահանջէ Անյապաղ Վերցնել Արցախի Շրջափակումը

Մարտ 15, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին կոչ ուղղեց` անյապաղ բանալու Բերձորի միջանցքն ու դադրեցնելու Արցախի շրջափակումը: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, Ռասմուսեն այդ մասին յայտարարեց Ջերմուկի մէջ լրագրողներու հետ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին:

«Երէկ հանդիպումներ ունեցած եմ Երեւանի մէջ, իսկ այսօր այցելած եմ Հայաստանի հարաւային մարզեր, որպէսզի աչքերովս տեսնեմ Հայաստանի դէմ ազրպէյճանական յարձակումի հետեւանքները: Ես Ջերմուկի մէջ եմ, եւ քաղաքապետը ինծի ըսաւ, թէ ազրպէյճանական յարձակումը ի՛նչ բացասական ազդեցութիւն ունեցած է քաղաքին, մասնաւորաբար` զբօսաշրջային կեանքին վրայ: Այսօր այցելած էին Լաչինի միջանցքի սկզբնամաս: Ինչպէս գիտէք, այդ միջանցքը միակ կապն է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան միջեւ: Անցեալ տարուան դեկտեմբերէն այդ ճամբան շրջափակման մէջ է: Այս շրջափակումը ո՛չ մարդկային է, ո՛չ ալ օրինական: Ես հանդիպեցայ մարդոց հետ, որոնք կ՛ապրին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ անոնք ինծի պատմեցին այն վտանգաւոր կացութեան մասին, որ կը տիրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:

«Շրջափակումը կը նշանակէ, որ միայն շատ փոքր քանակով պարէն կամ դեղորայք կարելի է հասցնել Լեռնային Ղարաբաղ, ինչ որ կը նշանակէ պարէնի եւ կեանքի համար անհրաժեշտ դեղորայքի պակաս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Մենք կը բախինք մարդասիրական ճգնաժամի, որ կրնայ վերածուիլ մարդասիրական աղէտի: Այդ շրջափակումը անօրինական է: Արդարադատութեան միջազգային դատարանը քանի մը շաբաթ առաջ տուած է որոշում, որով Ազրպէյճանին կը պարտադրէ ապահովել ազատ եւ անվտանգ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով: Որոշումը պարտադիր է, ինչ որ կը նշանակէ, որ Ազրպէյճանը պարտաւոր է բանալ միջանցքը ազատ տեղաշարժի համար: Ես ուղերձ կը յղեմ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին եւ կ՛ըսեմ` անյապաղ վերցո՛ւր շրջափակումը», ըսաւ Ռասմուսեն:

Ան յիշեցուց, որ վերջին անգամ Հայաստան այցելած է 2012 թուականին` իբրեւ ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար: «Այդ օրէն շատ բան փոխուած է, եւ ես հանդիպում ունեցայ վարչապետին, արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն հետ, եւ գոհունակութիւն յայտնած եմ առ այն, թէ անոնք ի՛նչ ջանքեր կը գործադրեն Հայաստանի մէջ ժողովրդավարութիւնը ամրապնդելու համար: Ես այստեղ եմ Հայաստանի կառավարութեան հրաւէրով, որպէսզի օգնեմ Հայաստանին ամրապնդելու Եւրոպական Միութեան եւ առհասարակ Արեւմուտքի հետ կապերը», ըսաւ ան:

Նշենք, որ «Ռասմուսեն Կլոպալ» միջազգային քաղաքական խորհրդատուական կազմակերպութեան հիմնադիր, ՕԹԱՆ-ի նախկին ընդհանուր քարտուղար Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ այցելեց Բերձորի միջանցքի սկզբնամաս եւ ծանօթացաւ տիրող կացութեան:

 

 

Նախորդը

Լուրեր` Թրիփոլիի Հայութեան Առօրեայէն

Յաջորդը

«Կը Մշակուի Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարի Այցելութիւնը Մոսկուա» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն.  «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն  100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»
Գլխաւոր լուրեր

Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութիւն. «Հինգ Կէտի Մէջ Ազրպէյճանական Կողմը Սահմանէն 100-էն 300 Մեթր Աւելի Առջեւ Տեղակայուած Է»

Մարտ 31, 2023
Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ  Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են  Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Զինեալ Ուժերը Աղաւնոյ Եւ Տեղ Գիւղերուն Միջեւ Փակած Են Գորիս-Ստեփանակերտ Մայրուղին

Մարտ 31, 2023
Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է  «Յանուն Ժողովրդավարութեան»  Վեհաժողովի Հռչակագիրին
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանը Վերապահութեամբ Միացած Է «Յանուն Ժողովրդավարութեան» Վեհաժողովի Հռչակագիրին

Մարտ 31, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In