Ազրպէյճան սեպտեմբեր 2022-ին համակարգուած յարձակումի միջոցով գրաւած է Հայաստանի տարածքի մէկ մասը: Երկու երկիրներու յարաբերութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի մնան լարուած: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, նման եզրակացութիւններ կատարած են Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները 2023 թուականի իրենց տարեկան զեկուցումին մէջ: Համաշխարհային սպառնալիքներու գնահատման շուրջ փաստաթուղթը հրապարակուած է 9 մարտին, երբ «Սի.Այ.Էյ.»-ի, «ԷՖ.Պի.Այ.»-ի, Պաշտպանութեան հետախուզական գործակալութեան եւ Ազգային անվտանգութեան գործակալութեան ղեկավարները հանդէս եկած են Քոնկրեսի Ծերակոյտի հետախուզութեան հարցերով յանձնախումբին առջեւ:
«Խաղաղութեան համաձայնագիրի բացակայութեան պարագային Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի մնան լարուած եւ երբեմն անկայուն` հաշուի առնելով միջպետական սահմանին զինեալ ուժերու մօտիկութիւնը, զինադադարի դրութիւնը գործադրելու մեքանիզմի բացակայութիւնը եւ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն մէջ իր նպատակները յառաջ մղելու համար զինուորական ճնշում գործադրելու Ազրպէյճանի պատրաստակամութիւնը», կ՛ընդգծուի զեկուցումին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու հետախուզութեան զեկուցումին մէջ կը նշուի, որ սահմանազատուած սահմանին մօտ զինեալ ուժերու գոյութիւնը կը մեծցնէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինեալ ճակատումի վտանգը, «թէեւ նման բախումները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլան սահմանափակ տեւողութեամբ եւ ուժգնութեամբ»:
Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապին վերաբերեալ զեկուցումի հեղինակները կը յիշեցնեն, որ մայիս 2021-էն ի վեր միջպետական սահմանին վրայ եւ Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պարբերաբար զինուորական բախումներ տեղի կ՛ունենան:
«Առաւել ուժգնութեամբ բռնկումը տեղի ունեցած է սեպտեմբեր 2022-ին, երբ ազրպէյճանական ուժերը համակարգուած յարձակումի սկսան սահմանի երկայնքին քանի մը վայրերու մէջ` գրաւելով հայկական տարածքի մէկ մասը, որուն հետեւանքով գրեթէ 300 զինուոր զոհուեցաւ», գրուած է փաստաթուղթին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու հետախուզական ծառայութիւնները կը նշեն, որ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ որոշակի յառաջընթաց արձանագրուած է, սակայն պետական սահմաններուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի ապագային հետ առնչուած ամէնէն բարդ հարցերը «լուծուելէ հեռու են»:


