Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Պքերքէի տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Ուալիտ Ղայեատ շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին Պուխարի Ռայի պատրիարքին յայտնած է, որ Սէուտական Արաբիա Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առումով որոշ թեկնածուի մը չի զօրակցիր, «սակայն ան կը փափաքի տեսնել հանրապետութեան նախագահ մը, որ փրկարար է եւ քաղաքական ու ելեւմտական փտածութեան չէ մեղսակցած», ըսաւ ան:
Ղայեատ յայտնեց, որ Պքերքէ եւս համաձայն է այն չափանիշներուն, որոնք կը ներկայացնեն Ռիատի կեցուածքը: