Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Գաբրիէլ Սարգսեան արձանագրեց իր երրորդ յաղթանակը` պարտութեան մատնելով իսրայէլացի Իկօ Կորշթէյնին. այժմ Սարգսեան 3,5 կէտով կը բաժնէ 4-26-րդ դիրքերը:
4-ական կէտով երեք յառաջատարներն են ուքրանացիներ Անթոն Քորոպով եւ Ռուսլան Փոնոմարիով, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանցի Էլտաճ Սաֆարլի:
Հայաստանի միւս ներկայացուցիչներէն լաւագոյն ցուցանիշը ունին 3-ական կէտ ապահոված Շանթ Սարգսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Մանուէլ Պետրոսեան, որոնք կը բաժնեն 27-93-րդ դիրքերը:


