25 մարտին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան-Թուրքիա մրցումը, որ կ՛իյնայ «ԵՒՐՕ-2024»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս մրցումի տոմսերուն վաճառքը սկսաւ:
Իւրաքանչիւր անձ, ներկայացնելէ ետք իր անձնագիրը, կրնայ միայն երկու տոմս գնել:
Տոմսերուն գիները պիտի ըլլան 2000 դրամ (հիւսիսային եւ հարաւային թրիպիւն), 3000 եւ 5000 դրամ (արեւելեան թրիպիւն) եւ 10.000 դրամ (արեւմտեան թրիպիւն):
«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ին յատուկ որոշումով, հիւր խումբին համակիրները մրցումին ներկայ պիտի չըլլան:


