«ԵՈՒ. Է. ԷՖ. Ա.»-ի կողմէ հրապարակուած ֆութսալի ազգային խումբերուն նոր դասաւորման մէջ, Հայաստանի տղոց ազգային հաւաքականը, բարելաւելով իր դիրքը, յայտնուեցաւ 20-րդ դիրքին վրայ, այս մասին յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքը:
Դասաւորման առաջին երեք դիրքերը յաջորդաբար կը գրաւեն Փորթուգալ, Ռուսիա եւ Սպանիա:


