 Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի 31 տարեկան յառաջապահ Նէյմար 2022-2023 տարեշրջանին պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի եւ Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի 31 տարեկան յառաջապահ Նէյմար 2022-2023 տարեշրջանին պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Փարիզեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ ոտնամատի վնասուածքի պատճառով ան շուրջ չորս ամիսով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն, ինչ որ կը նշանակէ մինչեւ տարեշրջանին աւարտը:
Յառաջիկային յաւելեալ բարդութիւններ չունենալու համար ան վիրաբուժութեան պիտի ենթարկուի Տոհայի մէջ (Քաթար):
Նշենք, որ ան վիրաւորուեցաւ Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան Լիլի դէմ կատարուած (4-3) 24-րդ հանգրուանի մրցումին եւ 51-րդ վայրկեանին պատգարակով դուրս բերուեցաւ դաշտէն:
 
			

