 Փարիզ Սեն Ժերմենի ֆրանսացի յառաջապահ` Քիլիան Էմպափէ, որ Նանթի դէմ տեղի ունեցած Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 26-րդ հանգրուանի մրցումին նշանակած էր իր կազմին չորրորդ կոլը (4-2), մայրաքաղաքի կազմին հետ ակումբային պատմութիւն կերտած իր այդ մարզաշապիկը մրցումէն ետք նուիրեց Նանթի քամերունցի յառաջապահ Իկնաթիուս Կանակոյին, որուն 5 տարեկան դուստրը շաբաթ մը առաջ մահացած էր հիւանդութեան պատճառով:

Ըստ միջազգային մարզական մամուլին, ֆութպոլիստը նոյնիսկ չէր կրցած հրաժեշտ տալ իր աղջկան:
Նշենք, որ Կանակօ վերոնշեալ մրցումին նշանակած էր Նանթի հաւասարութեան կոլը` 38-րդ վայրկեանին: