 ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց 113-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անթունիէն:
ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը իր յաջորդական 3-րդ յաղթանակը արձանագրեց 113-107 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Անթունիէն:
Մրցումէն կը բացակայէին… համակիրները, որոնք ֆետերասիոնին որոշումով պատժուած էին, Հուփսի դէմ մրցումին վէճի մը պատճառով, որուն պատճառը… Հուփսէն անձ մըն էր: Յամենայն դէպս տասնեակ մը 14 տարեկանէն վար պատանիներ կարելի եղածին չափ փորձեցին գեղեցիկ մթնոլորտ ստեղծել եւ քաջալերել տղաքը, որոնք մանաւանդ այս մրցումին համակիրներուն պէտք ունէին:
Անթունիէ կը նկատուի այս տարեշրջանի լաւ պատրաստուած խումբերէն, մինչ ՀՄԸՄ այս տարեշրջանի լաւ խումբերէն է, որ լաւ պատրաստուած չէր, բայց օրէ օր, մրցումէ մրցում կը բարելաւէ իր խաղարկութիւնը, եւ հետզհետէ մարզիկները սկսան լաւ ճանչնալ զիրար:
 Արդէն այս բոլորը զգալի կը դառնար մրցումին ընթացքին, երբ մրցակից խումբը 6-7 կէտով կը յառաջանար, ապա կարճ ժամանակ ետք ՀՄԸՄ ինքզինք կը գտնէր եւ ինք կը յառաջանար 6-7 կէտով:
Արդէն այս բոլորը զգալի կը դառնար մրցումին ընթացքին, երբ մրցակից խումբը 6-7 կէտով կը յառաջանար, ապա կարճ ժամանակ ետք ՀՄԸՄ ինքզինք կը գտնէր եւ ինք կը յառաջանար 6-7 կէտով:
Առաջին մասը կ՛աւարտէր 21-27 արդիւնքով, երբ Թայլըր Պէյ եւ պազըր-պիթըրով Կապրիէլ Աճէմեան (3 կէտ) 26-27-ի դարձուցին արդիւնքը:
Բ. մասին ՀՄԸՄ յառաջացաւ 37-32, բայց Անթունիէ 6 կէտի առաւելութեամբ աւարտեց այս մասը, եւ կիսախաղ` 49-55:
Բ. կիսախաղը սկսաւ, ՀՄԸՄ լաւ ձեւով իշխեց մրցակիցին վրայ եւ մինչեւ 9 կէտի հասցուց իր առաւելութիւնը (75-66), բայց Անթունիէ կրկին անգամ մօտեցաւ եւ առաւելութիւնը 4 կէտի նուազեցնելէ ետք (75-71) Թայլըր Պէյ այս մասը աւարտեց 77-71 արդիւնքով:
4-րդ եւ վերջին մասը եղաւ շատ հետաքրքրական, ուր ՀՄԸՄ 9 կէտի (83-74) առաւելութիւն ունենալէ ետք, 83 կէտի վրայ հաւասարեցաւ… Կողովները յաջորդեցին իրար, եւ որեւէ խումբ չկրցաւ հեռանալ եւ 2 կէտով միայն իրար կրնային անցնիլ: Ճորտըն Սթիվընզի 3 կէտնոց կողովէն ետք կը կարծուէր, թէ մրցումը պիտի աւարտէր (95-91) յաղթանակով, բայց Փաթրիք Պու Ապպուտ, ապա Ռիքի Լիտօ 3 կէտնոց կողովներ նշանակեցին, եւ Անթունիէ 2 կէտով առաջ անցաւ: Թայմ-աութէ մը ետք Թայլըր Պէյ 2 կէտ նշանակեց` արդիւնքը հաւասարեցնել, բայց նոյն կողովի պահուն չկրցաւ օգտուիլ ֆաուլէն եւ ազատ հարուածը նշանակել:
Թայլըր, որ շատ լաւ մրցում ունեցաւ, իր 15 առիթներէն (ազատ հարուածներով) 11-ը նշանակեց այս մրցումին: Քանի մը առիթներ կորսնցնելէ ետք մրցումը աւարտեցաւ 97-97 արդիւնքով եւ դիմուեցաւ երկարաձգման: ՀՄԸՄ երկարաձգման առաջին վայրկեանին ետ մնալէ ետք 1 կէտով ամբողջովին տիրապետեց իր մրցակիցին վրայ եւ 16 կէտ նշանակեց` 10-ի դէմ, յաղթելով մրցումը 113-107 արդիւնքով:
Թայլըր Պէյ մրցումին թիւ 1 աստղն էր` նշանակելով 38 կէտ ու 12 ռիպաունտ եւ կատարելով 3 պլոք ու 2 սթիլ:
Ճորտըն Սթիվընզ 4 կարեւոր 3 կէտնոց կողովներով ձեռք ձգեց 22 կէտ եւ 17 էսիսթ:
Շատ կարեւոր էին Կապրիէլ Աճէմեանի եւ Ահմետ Իպրահիմի լաւ ելոյթները, որոնք շատ կարեւոր պահերուն կարեւոր կէտեր, կարեւոր ռիպաունտներ եւ էսիսթներ կատարելով դիւրացուցին յաղթանակի կերտումը:
Մրցակից Անթունիէի օտար մարզիկները շատ լաւ էին, ուր Կլեն Քոզի 7 յաջող 3 կէտնոց կողովներ նշանակեց, մինչ Ռիքի Լիտօ իր կարգին միշտ վտանգաւոր մրցակից էր, իսկ Քլինթ Չեփմըն շատ լաւ սկսելէ ետք ֆաուլեր կատարելով` 32 վայրկեան զգուշ մրցում ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի գործը համեմատաբար դիւրացնելով:
Յառաջիկայ երեքշաբթի օր ժամը 16:45-ին ՀՄԸՄ պիտի կատարէ իր 4-րդ շաբթուան մրցումը` Պէյրութ Ֆըրսթ խումբին դէմ, որ շաբաթ օր (վաղը) պիտի հիւրընկալէ Սանթրալը: Պէյրութ 92-97 արդիւնքով պարտուելէ ետք Էն. Էս. Էյ.-էն (առաջին հանգրուանին) կրցած էր յաղթել Շանվիլի դաշտին վրայ (80-87):
Այսօր երեկոյեան ժամը 20:30-ին Պաթրուն պիտի հիւրընկալէ Հուփսը, իսկ կիրակի օր Ռիատի պիտի հիւրընկալէ Էն. Էս. Էյ.-ը (ժամը 16:45) եւ Սաժես` Անդրանիկը (20:30-ին):
 
			

