Հայաստան վաստկած է Գերմանիոյ աջակցութիւնը խաղաղութեան, կայունութեան, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան ճամբուն վրայ:
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հանդիպումէն ետք «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած է Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտըսթակի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Միխայէլ Ռոթ:
«Բարի գալուստ Պունտըսթակ, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Հայաստանը վաստկած է մեր աջակցութիւնը խաղաղութեան, կայունութեան, ժողովրդավարութեան եւ իրաւական պետութեան ճամբուն վրայ: Ազրպէյճան պէտք է վերջ տայ իր յարձակումին: Լաւ է, որ Եւրոպական Միութիւնը վերջապէս շրջանին մէջ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն կը ստանձնէ», գրած է ան:
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան 3 մարտին հիւրընկալուած էր Պունտըսթակի մէջ եւ հանդիպում ունեցած արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի անդամներուն հետ` նախագահ Միխայէլ Ռոթի գլխաւորութեամբ: Վերջինս ողջունած էր Փաշինեանը եւ նշած, որ այցելութիւնը լաւ կարելիութիւն է` քննարկելու թէ՛ հայ-գերմանական միջխորհրդարանական համագործակցութիւնը, թէ՛ ալ Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները:


