ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 80.700 լ. ոսկի է:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը հրապարակեց վառելանիւթի սակացոյցը, որուն համաձայն` 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակն է 1.482.000 լ. ոսկի, 98 օքթան պենզինը` 1.518.000 լ. ոսկի, մազութը` 1.409.000 լ. ոսկի եւ պիւթակազը` 994.000 լ. ոսկի:
ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ եւ առեւտուրի նախարարութեան համաձայն, արաբական հացի կապին սակացոյցն է հետեւեալը. արաբական հացի փոքր կապը (354 կրամ)` 18.000 լ. ոսկի, արաբական հացի միջակ կապը (815 կրամ)` 30.000 լ. ոսկի, իսկ արաբական հացի մեծ կապը (1053 կրամ)` 37.000 լ. ոսկի:
ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց նախկին երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ռահմէ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքը բարկացած է եւ շատ տխուր վիճակի մատնուած` նկատի ունենալով, որ այս սուրբ երկիրը կը քանդուի ու կը քայքայուի, եւ ոչ ոք կ՛օժանդակէ զայն դուրս բերելու իր դիմագրաւած տագնապներէն:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ ինք երէկ ստորագրած է սեփական մարզի պաշտօնեաներու ամսական աշխատավարձի յաւելումին, ինչպէս նաեւ անոնց տրամադրուելիք փոխադրածախսին վերաբերող հրամանագիրը եւ զայն յղած է նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղարութեան:
ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ որոշեց իր աշխատանքին իբրեւ հատուցում իրեն տրուած գումարը ամբողջութեամբ յատկացնել Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցի նահատակներու ընտանիքներուն:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Հանի Քպայսի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու միջազգային օրուան առիթով շնորհաւորեց Լիբանանի Քաղաքացիական պաշտպանութեան ուժերու անդամները, որոնք ամէն բան կը զոհեն դէմ դնելու համար արկածներուն:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ղասսան Հասպանի անհրաժեշտ նկատեց, որ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդին եւ մայրաքաղաքի բնակչութեան միջեւ հարցերու լուծման ամբողջական ծրագրաւորում կատարուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Միշել Մուսա ընդգծեց քաղաքական ուժերուն միջեւ խորհրդակցութեան անհրաժեշտութիւնը` յանգելու համար նախագահական ընտրութեան կայացումին:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն համախմբումի երեսփոխան Ֆատի Քարամ հաստատեց, որ նախագահական ընտրութեան պայքարը կը գտնուի երկու հակադրուող ուղեգիծերու միջեւ. այդ ուղեգիծերն են Դիմադրութեան ու գերիշխանութեան առանցքները:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ եթէ թշնամի Իսրայէլ պիտի յարձակի իրենց ընտրանքին եւ ինքնութեան վրայ, ապա անոր ցոյց պիտի տան, թէ ի՛նչ բաներ կրնան ընել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Օսէյրան շեշտեց, որ կան շարք մը քաղաքական կարիքներ, որոնք պէտք է կատարուին` աւելցնելով, որ անոնցմէ առաջինն է նախագահական ընտրութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին ընդհանուր վիճակը կարգաւորել:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքա հաստատեց, որ ՄԱԿ յանձնառու կը մնայ Լիբանանի օժանդակութեան, որպէսզի ան կարենայ շրջանցել իր դիմագրաւած տագնապները: