Անցեալ շաբաթ Հայաստան Էին Միացեալ Նահանգներու Մաքսային եւ սահմանային պահպանութեան ծառայութեան ներկայացուցիչները` քննարկելու սահմանային անվտանգութեան հարցերուն մէջ համագործակցութեան կարելիութիւնները:
Այս կառոյցի միջազգային նախաձեռնութիւնները նպատակաուղղուած են օրինական առեւտուրն ու ուղեւորութիւնները դիւրացնող միջազգային համաձայնագիրներու իրականացման, ինչպէս նաեւ այդ նպատակին ծառայող միացեալ քայլերու ձեռնարկման:
Կառոյցի պաշտօնատարները Հայաստան այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցած են Պետական եկամուտներու կոմիտէի նախագահ Ռուստամ Բադասեանի եւ այլ պաշտօնատար անձերու հետ, դիտարկում կատարած են աշխատանքները «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանին մէջ ու հայ-վրացական սահմանի Բագրատաշէն անցակէտին վրայ եւ եղած են հայ-ազրպէյճանական սահմանի Երասխ հատուածին մէջ:


