Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի երէկ առաւօտեան վարչապետարանին մէջ նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 8 կէտերէ բաղկացած օրակարգ մը:
Նիստին ընթացքին Միքաթի յայտնեց, որ կառավարութիւնը այս նիստը կը գումարէ քաղաքացիներուն վերաբերող անհրաժեշտ հարցերուն լուծումներ տրամադրելու նպատակով:
Ան ընդգծեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն:
Միքաթի հաստատեց նաեւ, որ կառավարութիւնը կը միտի պաշտպանել դրամատնային մարզը` նկատի ունենալով, որ անիկա երկրին տնտեսութեան հիմնասիւնն է:
«Մենք կը փափաքինք, որ դրամատնային մարզը խախտումներէ սրբագրուի, եւ անոր դիմագրաւած հարցերը լուծուին դրամատնային մարզի վերադասաւորման ծրագիրի շրջագիծին մէջ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը յղուած է խորհրդարան:
Միքաթի գնահատեց նաեւ Ներքին ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքին, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին ի գործ դրած ջանքերը` Հիւսիսային Լիբանանի մէջ շէյխ Ահմետ Ռիֆային սպաննող ոճրագործները ձերբակալելու, ինչպէս նաեւ Զահլէի մէջ Միշել Մախխուլ անունով առեւանգուած լիբանանցի երիտասարդը ազատելու եւ զայն առեւանգող աւազակախումբի անդամները ձերբակալելու առումով:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուեցաւ պետական դպրոցներու ուսուցիչներուն օրական 5 լիթր պենզին տրամադրելու:
Ան նկատել տուաւ, որ նախարարաց խորհուրդը յետաձգած է իր օրակարգին թիւ 2, թիւ 3 եւ թիւ 4 կէտերու քննարկումը եւ որոշած է ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ կազմել տագնապի բջիջ մը` գիտական կերպով քննարկելու համար վերոնշեալ կէտերը, որոնք կը վերաբերին պաշտօնեաներուն կապուած հատուցումներուն: Ան աւելցուց, որ կը նախատեսուի, որ այս բջիջը իր աշխատանքը ամբողջացնէ երկու շաբաթէն:
Մքերի յայտնեց նաեւ, որ կառավարութիւնը համաձայն գտնուած է «Օժերօ»-ին տրամադրելու 469 միլիառ լ. ոսկիի յատկացում, որպէսզի ան կարենայ 2023-ի առաջին կիսուն համար իր պաշտօնեաներու աշխատավարձերը վճարել:
Մքերի նշեց, որ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ բոլորած է հանգստեան կոչուելու տարիքը` աւելցնելով, որ անոր պաշտօնավարութեան երկարաձգումը վարչական տնօրինում մըն է, որ ներքին գործոց նախարարի լիազօրութիւններուն մաս կը կազմէ:
Միւս կողմէ, կառավարութեան նիստի աւարտէն ետք, աշխատանքի նախարարի պաշտօնակատար Մուսթաֆա Պայրամ յայտնեց, որ նախարարաց խորհուրդը բարձր գնահատած է Ապպաս Իպրահիմի գործունէութիւնը` աւելցնելով, որ նիստին ընթացքին Միքաթի շեշտած է, որ կարելի չէ կառավարութեան կողմէ երկարաձգել անոր պաշտօնավարութիւնը: