Ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան նախագահեց յանձնախումբի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան հիմնական երեք կէտեր, որոնցմէ կարեւորագոյններն էին 12-ամսեայ հաշուեկշիռի հիմքը եւ պետական մարզի պաշտօնեաներու աշխատավարձի յաւելումը:
Նիստին աւարտէն ետք կատարած իր յայտարարութեան մէջ Քանաան յայտնեց, որ սկզբունքով յանձնախումբը համաձայն է պետական մարզի աշխատանքներու ֆինանսաւորումը ապահովել 12-ամսեայ հաշուեկշիռի հիմքով, «սակայն կառավարութեան բաց արձակուրդ մը պիտի չշնորհենք, որովհետեւ երկրին գործադիր իշխանութիւնը պէտք է յարգէ օրէնքներն ու կանոնները, ինչպէս նաեւ սահմանադրական ժամկէտները», ըսաւ ան:
Քանաան հաստատեց, որ յանձնախումբը կը պահանջէ 2023-ի պետական ամավարկը, որպէսզի ան իմանայ կառավարութեան ռազմավարութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսական ապաքինման ծրագիրին մասին:
Ան շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ ելեւմտական իրավիճակէն ամէնէն աւելի տուժողը պետական մարզն է, ինչպէս նաեւ զինուորականները, որոնք կը գանձեն այնպիսի գումարներ, որոնք իրենց համար թիթեղ մը պենզին չեն կրնար ապահովել:
Քանաան դիտել տուաւ, որ իրենք 2010-էն ի վեր կը պահանջեն բացայայտել ելեւմտական հաշիւները` հարց տալով, թէ դատական իշխանութիւնները ինչո՞ւ մինչեւ օրս պահանջուած հաշուետուութիւնը չեն կատարած:
Քանաան ընդգծեց, որ երկրին մէջ տիրող ելեւմտական ներկայ կացութեան հիմնական պատճառը 90-ականներուն արձանագրուած մսխումն է` նշելով, որ ո՛չ Միջազգային դրամական ֆոնտը եւ ո՛չ ալ աշխարհը կրնան արժեւորում մը կատարել մեր մասին, եթէ հաշուետուութիւն, ինչպէս նաեւ օրէնքի գործադրում եւ անոր հանդէպ յարգանք գոյութիւն չունենայ:
Նշենք, որ Քանաան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Միջազգային դրամական ֆոնտի մէկ պատուիրակութեան հետ, որուն կը գլխաւորէր Նիք Քերըլ:
Հանդիպումին քննարկուեցան Լիբանանի ելեւմտական իրավիճակը, ներկայ փուլը դիմագրաւելու անոր կարողութիւնը, ելեւմտական տագնապին ունեցած հետեւանքները` տարբեր մարզերուն վրայ, որդեգրուելիք բարեկարգումները, որոնք պետական ամավարկերուն եւ ելեւմտական մարզին կը վերաբերին, ինչպէս նաեւ դրամատուներու վերադասաւորումը:
Քանաան յայտնեց, որ պատուիրակութեան հետ քննարկած են Լիբանանի օժանդակութեան «Շտապ փաթեթ»-ի մը գոյացումը` օժանդակելու համար երկրին տարբեր մարզերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ շեշտել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան եւ նոր կառավարութեան կազմութեան կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ բարեկարգումներու գործադրութիւնը: