Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Փետրուար 28, 2023
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵՒ շուկային մէջ ամերիկեան տոլարին փոխարժէքը 85.500 լ. ոսկի է:

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շնորհաւորեց Քուէյթի ազգային տօնը` աւելցնելով, որ լիբանանեան-քուէյթեան յարաբերութիւնները միշտ ալ եղբայրական, սիրոյ եւ համագործակցութեան ոգիով խորհրդանշուած են:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Զիատ Մքերի յայտնեց, որ Ազգային լրատու գործակալութեան արխիւը գողցուած է` աւելցնելով, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դրուի բացայայտելու համար արխիւը գողցող աւազակը: Մքերի յայտնեց, որ արխիւը կը բովանդակէր 1961-էն ի վեր բոլոր ձեռնարկներուն եւ առիթներուն լուսանկարները` աւելցնելով, որ արխիւի սենեակէն գողցուած են նաեւ 5 համակարգիչներ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարարի պաշտօնակատար Մոհամետ Մուրթատա Թեհրանէն կատարած յայտարարութեան մը մէջ հաստատեց, որ շրջանին համար ամէնէն փայլուն քաղաքականութիւնը պիտի ըլլայ Իսրայէլի վերացումը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Ալամէ յայտնեց, որ առողջապահական մարզի բարեկարգումը կարելի է ապահովել պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ մրցակցութեան ճամբով` ապահովելու համար լիբանանցի քաղաքացիին շահերը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ապահովութեան ուժերուն կողմէ շէյխ Ահմետ Ռիֆայիի ոճիրին բացայայտումը փակեց սադրանք նախապատրաստող արտայայտութիւններուն ճամբան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն յայտնեց, որ Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ Մար Մխայէլի մէջ ստորագրուած փոխըմբռնումի համաձայնագիրին հին տարբերակը աւարտած է: Ան աւելցուց, որ այդ փոխըմբռնումը շարունակելու համար կարիքը ունի համաձայնագիրի նոր տարբերակի:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ հաստատեց, որ բնական պայմաններու մէջ բանակն ու ապահովութեան ուժերը կը ձերբակալեն ոճրագործներն ու աւազակները եւ զանոնք կը յանձնեն դատական իշխանութիւններուն: «Սակայն այսօր, երբ մենք կը գտնուինք սադրանքի հրահրման եւ քաոսի սեմին, ապա առաջնահերթութիւնը ժողովուրդի կեանքն է, եւ հետեւաբար բանակն ու ապահովութեան ուժերը կրնան յանցագործները սպաննել դէպքին վայրին մէջ, յատկապէս եթէ այդ ոճիրները զինեալ բախումներ են, առեւանգում, սպանութիւն եւ բռնաբարում:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Հասան Ֆատլալլա հաստատեց, որ արտաքին ոչ մէկ ուժ կամ օտար ոչ մէկ պետութիւն կրնայ հանրապետութեան նախագահ պարտադրել լիբանանցիներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Աշրաֆ Ռիֆի անդրադարձաւ այն իրականութեան, որ Հըզպալլա զիրենք  սադրանք նախապատրաստելու յանցանքով կ՛ամբաստանէ` աւելցնելով հետեւեալը. «Ո՛վ որ կ՛երեւակայէ, թէ իր զէնքով կրնայ բազմազանութեան հայրենիքի մը վրայ տեսակէտ պարտադրել, ապա անխոհեմ կը նկատուի»:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ հաստատեց, որ տարբեր առանցքներու կողմէ Լիբանանի վրայ պարտադրուած ճնշումը հետզհետէ աւելի կը սաստկանայ:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը օրըստօրէ կը հաստատէ, որ ինքն է Լիբանանի ապահովութեան երաշխիքը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Թալալ Արսլան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապի հետ: Քննարկուեցան տեղական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տիւրզի համայնքին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումին ընթացքին Արսլանի եւ Ուահապի տեսակէտները համապատասխանեցին իրարու:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներքին իրադարձութիւնները: Ապպաս Իպրահիմ ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Եոաննա Վրոնեցքան, որուն հետ քննարկեց տիրող ընդհանուր իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան կառոյցին եւ ՄԱԿ-ի միջեւ գործակցութեան միջոցները:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ զգուշացուց համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներ հրահրող արտայայտութիւններէն` աւելցնելով, որ անոնք քաոս կը պատճառեն եւ գրգռութիւններ կը ստեղծեն:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ հաստատեց, որ Սուրիոյ ժողովուրդին հետ իսկական զօրակցութիւնը կ՛իրականանայ, երբ զայն ներկայ վարչակարգէն կարելի ըլլայ փրկել:

 

Նախորդը

Ասատ Դամասկոսի Մէջ Ընդունեց Եգիպտոսի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Յաջորդը

Բանակը Զահլէի Մէջ Ձերբակալեց Միշել Մախխուլը Առեւանգողները

RelatedPosts

Սալամ Յորդանան Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Յորդանան Այցելեց

Օգոստոս 20, 2025
Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ  Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ  Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Կառչած Կը Մնայ Մինչեւ Թիւ 1701 Որոշումի Գործադրման Համար Անհրաժեշտ Ժամանակով ՖԻՆԻՒԼ-ի Ներկայութեան»

Օգոստոս 20, 2025
Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել  ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ  Ֆրանսական Նախագիծը
Լիբանանեան

Ապահովութեան Խորհուրդը Սկսաւ Քննարկել ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Վերաբերեալ Ֆրանսական Նախագիծը

Օգոստոս 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?