Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն երէկ 9 հիւանդ տեղափոխուած է Հայաստան, կը յայտնէ Արցախի տեղեկատուական շտապը` աւելցնելով, որ եւս 9 հիւանդ, որոնք պետական պատուէրի շրջանակներուն մէջ ուղեգրուած էին Հայաստանի մէջ բուժում ստանալու համար, ուղեկցողներու հետ վերադարձած են Արցախ:
Մինչեւ այսօր Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է ընդհանուր 122 հիւանդ:
Ըստ հաղորդագրութեան, Արցախի առողջապահութեան նախարարութեան ենթակայութեան տակ գործող բժշկական հաստատութիւններու մէջ կը շարունակեն դադրեցուած մնալ վիրահատութիւնները` 75 օրէ ի վեր շարունակուող շրջափակումին պատճառով:


