Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Քալչիօ») 23-րդ հանգրուանի մրցումներուն, երկրին փոխախոյեան Ինթեր Միլան, որ հիւրընկալեց Ուտինեզէն, անոր դէմ արձանագրեց 3-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը:
Մրցումին հաշիւը 20-րդ վայրկեանին բացաւ պելճիքացի յառաջապահ Ռոմելու Լուքաքու` փենալթիով, որմէ 23 վայրկեան ետք հիւր կազմը նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը:
73-րդ վայրկեանին սակայն, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին խմբապետ Հենրիխ Մխիթարեան սքանչելի հարուածով մը նշանակեց Ինթերի երկրորդ կոլը, մինչ 89-րդ վայրկեանին արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզ նշանակեց Ֆիլիփօ Ինցակիի գլխաւորած կազմին երրորդ կոլը:
Նշենք, որ հայրենի ֆութպոլիստը, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, 84-րդ վայրկեանին փոխարինուեցաւ:
Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նափոլի, 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Սասուոլոյի դաշտէն, մինչ ախոյեան Ա. Սէ. Միլան (3-րդ) Մոնցայի դաշտին վրայ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Այս հանգրուանէն ետք, Ինթեր Միլան (2-րդ) այժմ ունի 47 կէտ, Նափոլի` 62 կէտ, իսկ Ա. Սէ. Միլան. 44 կէտ: