Հայ-ազրպէյճանական սահման Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւն ուղարկելը կրնայ խոչընդոտել Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովան:
«Եւրոպայէն հայ-ազրպէյճանական սահման դէտերու առաքելութիւն ուղարկելը կրնայ խանգարել յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը: Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի հետ սահմանին վրայ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան տեղակայման վերաբերեալ դիրքորոշումս յայտնած եմ Ռուսիոյ մէջ հանդիպումներու ժամանակ», ըսած է Կաֆարովա Ազրպէյճանի խորհրդարանի նիստի ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները 23 յունուարին տեղի ունեցած հանդիպումի ընթացքին հաւանութիւն տուած են Հայաստանի մէջ քաղաքային առաքելութեան ստեղծման, որ պիտի նպաստէ սահմանային գօտիներու մէջ կայունացման, վստահութեան ամրապնդման եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Կ՛ակնկալուի, որ առաքելութեան լիազօրութիւնը պիտի ըլլայ երկու տարի, եւ անոր հրամանատարութիւնը պիտի գտնուի Հայաստանի մէջ:


