Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ էյթի 4-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Անիպալ Զահլէ – Մութթահետ Թրիփոլի մրցումը տեղի պիտի ունենայ այսօր` չորեքշաբթի, 14 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Զահլէի մէջ:


