Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջինքն Ու Անոր Առնչուած Սովորութիւնները

March 14, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծ պահքի կէսը կամ 24-րդ օրը կը կոչուի Միջինք: Միջինքի առիթով եկեղեցւոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ առաւօտեան Արեւագալի արարողութիւնը, իսկ երեկոյեան` Եկեսցէ: Եկեղեցական կանոնի համաձայն, Միջինքին կը սկսի ստեղի շարականի երգեցողութիւնը:

Միջինքը հաւանաբար հաստատուած է յիշեցնելու համար, թէ Մեծ պահքը հասած է իր կէսին:

Սովորութիւններ

Ժամանակին գոյութիւն ունեցած են Միջինքի յատուկ սովորութիւններ, որոնցմէ ցարդ մնացած է իրանահայութեան «Միջինքի կարկանդակ»-ը:

Միջինքի ժողովրդային սովորութիւնները, որոնք մեծ մասամբ կ՛առնչուին Սրբոց Քառասնից Մանկանց եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօներուն, կ՛ամփոփուին բաղարջ պատրաստելու, բախտ փորձելու, լիճք պատրաստելու եւ բացօթեայ պտոյտի մէջ:

Դարալագեազի, Վաղարշապատի, Հին Ջուղայի, Շիրակի, Բասէնի, Արարատեան նահանգին մէջ կային հետաքրքրական սովորութիւններ:

Մեծ պահքի 23-րդ օրը եկեղեցւոյ մէջ կը շինուէր լիճք, կոնքի (տաշտ) մը մէջը կը լեցնէին ջուր ու ձէթ եւ եղէգէ խաչի մէջ պատրոյգը լիճքին մէջ կը վառէին մինչեւ լուսաբաց: Առաւօտեան լիճքի ջուրը կը բաժնէին եւ կը խառնէին բաղարջի խմորին հետ: Այդ բաղարջը կը կոչուէր միջունք, միջնաբաղջ, կլոճ:

Բախտ փորձելու համար բաղարջին մէջ կը դրուէր ուլունք կամ դրամ: Բաղարջը տան երէցը կը բաժնէր տան բոլոր անդամներուն: Ուլունքը կամ դրամը որո՛ւ բաժինէն որ դուրս գար, տարուան առատութիւնը անոր գլխուն կ՛ըլլար: Իսկ եթէ ուլունքը կամ դրամը դանակին բերանը գար, այն ժամանակ բախտը ամբողջ տան վրայ կը տարածուէր, իրենց ապրուստը պէտք է ապասէին հողէն:

Բասէնի եւ Արարատեան նահանգին մէջ լիճքի ջուրին մէջ կը վառէին քառասուն պատրոյգ (լիճքին ջուրը չէին բաժներ): Երիտասարդ աղջիկներ եւ տղաք կը հաւաքուէին բարեկամի մը տունը, իւրաքանչիւրը կը ժողվէր 40 մանր քարեր` ի յիշատակ քառասուն մանկանց` եւ մէկ քարի վրայ քառասուն անգամ ծունր կը կրկնէին` ուրեմն` 1600 ծունր, որպէսզի քառասուն մանկանց աղօթքը իրենց վրայ ըլլայ:

Դարալագեազի մէջ սովորութիւն էր, որ Միջինքէն ետք եկող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնը (Մուտն ի Վիրապ) նորահարսին կեսուրը հրաւիրէր իր տան բարեկամ կիները, հարսին մայրն ու անոր բարեկամ կիները եւ զանազան ուտեստեղէններ պատրաստելով` երթային կանաչազարդ դաշտերը զբօսնելու: Այս զբօսանքին անունը գեաշտ էր:

Կարգ մը շրջաններու մէջ կը թխուէր կուտապը: Կուտապը պատրաստելու համար ալիւրը կը շաղեն ձէթով, խմորի գունդերը գրտնակով կը տափակցնեն եւ իւրաքանչիւր գունդի մէջ կը դնեն խաշած լուբիա, բակլայ, սոխ կամ այլ բանջարեղէն, ապա զայն կը ծալեն բոլորակաձեւ կամ ձուաձեւ եւ կը թխեն թոնիրի մէջ: Երբ կուտապը պատրաստ ըլլայ, հարսերն ու աղջիկները իրենց բաժինները կ՛առնեն եւ իրենց դրացի ընկերուհիներուն հետ կ՛երթան կանաչապատ եւ յարմար տեղ մը: Այդ օր ոչ մէկ հասակաւոր կին, կեսուր կամ երիտասարդ կ՛ընկերանայ անոնց: Այդ օրը ազատ կ՛ըլլան հարսերն ու աղջիկները: Իրենց ընկերուհիներուն կը պատմեն իրենց ցաւերը կամ նոր կեանքի լաւ ու վատ կողմերը: Ապա շուրջպար կը բռնեն: Իսկ վերջաւորութեան կ՛ուտեն իրենց կուտապը:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Այսօր` Անթունիէ – ՀՄԸՄ Պէյրութ Երկրորդ Մրցումը

Յաջորդը

«Ազրպէյճան Իր Տարածքը Իրանի Դէմ Օգտագործելու Թոյլ Պիտի Չտայ» Կ՛Ըսէ Հասանով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։