Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնած է Բերձորի միջանցքի փակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական կացութեան առնչութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը` վկայակոչելով Արժանթինի մէջ հրապարակուող «Տիարիօ Արմենիա» օրաթերթը:
Արժանթինահայ օրաթերթը կը նշէ, որ Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Սանթիակօ Քաֆիերոն 26 յունուարին արտաքին գործոց նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ ընդունած է Հարաւային Ամերիկայի Հայ ազգային խորհուրդի (ՀԱԽ) շրջանային տնօրէն Արամ Մուրատեանը:
«ՀԱԽ-ի տնօրէնը իր ծայրայեղ մտահոգութիւնը յայտնած է մարդասիրական կացութեան առնչութեամբ, որուն մէջ յայտնուած է Արցախի Հանրապետութիւնը արդէն 45 օրէ ի վեր շարունակուող Լաչինի միջանցքի շրջափակումին պատճառով: Արտաքին գործոց նախարարը նաեւ խօսած է Արժանթինի կողմէ ազրպէյճանական պետութեան գործողութիւնները դատապարտելու եւ մարդոց ու ապրանքներու ազատ տեղաշարժը երաշխաւորելը պահանջելու անհրաժեշտութեան մասին», կը նշէ պարբերականը:
Հանդիպումէն ետք Արժանթինի արտաքին գործոց նախարարը «իր մտահոգութիւնը յայտնած է Լաչինի միջանցքին մէջ մարդասիրական կացութեան վերաբերեալ եւ ընդգծած է միջանցքով ազատ տեղաշարժի ապահովման անհրաժեշտութիւնը»:
«Նախարարը նաեւ կրկնած է այն սկզբունքները, որոնք կ՛ուղղորդեն Արժանթինի գործողութիւնները մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ վէճերու խաղաղ լուծման հարցին մէջ», կը նշէ «Տիարիօ Արմենիա»-ն:
Հանդիպումին մասնակցած են նաեւ Արժանթինի արտաքին քաղաքականութեան փոխքարտուղար, դեսպան Քլաուտիօ Ճ. Ռոզենցվայկը, Եւրոպական հարցերով նախարար Փապլօ Մ. Փինէյրոն եւ Հայ Ազգային խորհուրդէն Ֆլորենսիա Զանիկեանը:


