Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ
Հայութեան Տեղաշարժ
Եւ Նոր Ակումբներ
1960-ական տարիներու կէսերուն հայութեան զգալի տեղաշարժ կ՛արձանագրուի Պուրճ Համուտէն դէպի Պէյրութի արեւելեան արուարձաններ: Առ այդ, Անթիլիասի մէջ կը ստեղծուի «Նիկոլ Աղբալեան» ենթակոմիտէն, որ աւելի ուշ կը վերածուի կոմիտէութեան` կեդրոն ունենալով քարաշէն երկյարկանի կառոյց մը, որուն բացումը կը կատարուի 21 յունուար 1968-ին, ներկայութեամբ Կարօ Սասունիի, Կոմսի եւ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքի մեծաթիւ պատասխանատուներու: Կառոյցը կանգուն է մինչեւ օրս (Մար Էլիաս եկեղեցւոյ ետեւի թաղը, դէպի «Սիմիթեան» շէնքեր առաջնորդող ճամբուն վրայ):
Չորս տարի քարաշէն այս կառոյցին մէջ գործելէ ետք, «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը իր սեփական կեդրոնը կ՛ունենայ Բիւզանդ Եղիայեանի երկյարկանի բնակարանը գնելով: Եղիայեան Անթիլիասի հոգեբուժարանին դիմաց գտնուող իր բնակարանը նպաստաւոր պայմաններով կը վաճառէ «Աղբալեան» կոմիտէին, որ հանգանակային արշաւով մը զայն կը վերանորոգէ, կը կահաւորէ եւ կեդրոնին պաշտօնական բացումը կը կատարէ 20 փետրուար 1972-ին: Ակումբը կը գործէ երեսուն տարի, մինչեւ որ կը փոխադրուի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզահամալիր:
1975-էն սկսեալ «Աղբալեան» կոմիտէութիւնը առանձին վարչութեամբ եւ կեդրոնով կը գործէ նաեւ Զալքայի մէջ: Այս վարչութիւնը 1976-ին կը յառաջացնէ շրջանի «Գարեգին Նժդեհ» պատանեկան միութիւնը, իսկ 1980-ին` ԼՕԽ-ի «Աղաւնի Փափազեան» մասնաճիւղը: Գործունէութեան ծաւալումով, 2002-ին, վարչութիւնը կը վերածուի «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան եւ տարի մը ետք կ՛ունենայ ընդարձակուած նոր ակումբը: Արդարեւ, մինչեւ 1984 երկու սենեակի մէջ ծուարած, գետնայարկ կեդրոնը նեղ կու գայ շրջանի կարիքներուն բաւարարման, եւ այդ թուականին կը ստեղծուի «Ակումբի գնման ֆոնտ», տարուէ տարի հանգանակուած գումարները պահ դնելու եւ յարմար ժամանակին գործող կեդրոնը ընդարձակելու համար: Յարմար ժամանակը կը հասնի… 2001-ին, երբ կարելի կը դառնայ մինչ այդ գործող կեդրոնին վերեւի յարկաբաժինին գնումը եւ երկու տարուան ընթացքին նախկին ու նոր բաժիններուն ամբողջական վերանորոգումը:
Տեղաշարժ կ՛արձանագրուի նաեւ Ռաուտայի եւ Ֆանարի ուղղութեամբ, հետեւաբար երկու նոր ակումբներ կը հիմնուին հայաշատ այդ շրջաններուն մէջ: Այսպէս, «Թեհլիրեան» կոմիտէութենէն կը ճիւղաւորուին մինչ այդ իբրեւ առանձին վարչութիւններ գործող երկու նոր կոմիտէութիւններ. «Է. Ակնունի» կոմիտէութիւնը Ֆանարի մէջ` 1996-ին եւ «Շուշի» կոմիտէութիւնը Ռաուտայի մէջ` 2006-ին:
Կ՛արժէ նշել, որ լիբանանեան պատերազմի նախօրեակին, 1974-ին, երեսփոխան Արա Երեւանեանի բարերարութեամբ Դաշնակցութիւնը կ՛ունենայ իր կեդրոնական ակումբը Պէյրութի մէջ: Ակումբը կը կոչուի «Երեւանեան» կեդրոն եւ կը գործէ հազիւ տասնամեակ մը: Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, երբ արեւմտեան Պէյրութը հայութենէ կը պարպուի, ակումբը կը վաճառուի եւ փոխարէնը 1995-ին, «Երեւանեան» անունով նոր կեդրոն մը կը կառուցուի Պուրճ Համուտի մէջ, «Սարդարապատ» ակումբին կողքին:
Ժամանակի թաւալումով, կարգ մը ակումբներ նեղ կու գան կուսակցական, միութենական գործունէութեան համար: Կ՛ընդարձակուին, կը բարեզարդուին եւ քայլ կը պահեն օրուան պահանջներուն հետ: Այսպէս, 2002-ին Անթիլիասի մէջ կը հիմնուի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզահամալիրը, որ սովորական ակումբէ մը աւելի` կը հանդիսանայ մարզական, մշակութային եւ կուսակցական կեանքի արդիական ու ամբողջական կեդրոն: Մարզահամալիրին ծրագիրը ճամբայ կ՛ելլէ սեպտեմբեր 1981-ին, երբ հաւաքավայր մը ունենալու նպատակով ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղը երկու հողաշերտ կը գնէ Մըզհերի մինչ այդ անմարդաբնակ բարձունքին վրայ: Կարճ ժամանակ ետք անոնց կը միանան ժողովրդային նուիրատուութեամբ «Աղբալեան» կոմիտէին կողմէ ձեռք ձգուած երկու կից հողաշերտեր: Մարզահամալիրին հիմնարկէքը կը կատարուի ապրիլ 1993-ին եւ շինարարական աշխատանքները կ՛աւարտին սեպտեմբեր 2002-ին: Մարզահամալիրին մէջ կը գործեն զոյգ կոմիտէութիւններ` «Աղբալեան» եւ «Հրայր Մարուխեան»:
ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը, որ կը հիմնուի 1973-ին, իր մասնաճիւղերով կը գործէ Դաշնակցութեան Լիբանանի ակումբներուն մէջ, սակայն միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը կ՛ունենայ առանձին նստավայր, որ սկզբնապէս կ՛ըլլայ ՀՅԴ Պէյրութի «Ժողովրդային տուն»-ը, ապա` «Երեւանեան» կեդրոնը: Քաղաքացիական պատերազմի օրերուն, 1970-ականներու վերջերը, երբ երթեւեկը կը դժուարանայ Պէյրութի երկու հատուածներուն միջեւ, եւ «Երեւանեան» կեդրոնին շուրջ անապահովութիւն կը տիրէ, իբրեւ ԼԵՄ-ի կեդրոն` կ՛օգտագործուի Նոր Սիսի «Միսաք Ազիրեան» ակումբին դիմացի անկիւնի շէնքին առաջին յարկը: Այնուհետեւ, յիշեալ կեդրոնէն թաղ մը անդին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին կից, ԼԵՄ-ը 1987-ին կ՛ունենայ իր երկյարկանի առանձին կեդրոնը, որ կը գործէ քառորդ դար: 2012-ին, ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նստավայրը կը փոխադրուի Պուրճ Համուտի նորաստեղծ «Աբօ Աշճեան» կեդրոն (նախկին Ազգ. Կիլիկեան վարժարան), ուր կը փոխադրուին նաեւ գրասենեակները Զաւարեան ուսանողական միութեան եւ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու Ընդհանուր վարիչ մարմինին:
Դաշնակցութեան ակումբներ կանուխէն ստեղծուած են նաեւ Պէյրութէն հեռակայ շրջաններու` Ժիպէյլի, Թրիփոլիի, Այնճարի եւ Զահլէի մէջ:
Ակումբներու հիմնադրութիւնը առանձին ուսումնասիրութեան նիւթ է, որ անպայման կը սպասէ իր պատմագիրին: Օրին մէկը կը գրուի, պէ՛տք է գրուի այդ պատմութիւնը` արժանին հատուցելով բոլոր անոնց, որոնք իրենց քրտինքով ու լումայով նախ քար առ քար մասնակից դարձան նիւթեղէն այդ կառոյցներու ստեղծման ու ապա իրենց ծառայանուէր գործունէութեամբ ոգի եւ շունչ ներարկեցին անոնց:
Դաշնակցութեան Լիբանանի
Ակումբներուն Վիճակուած Դերը
Աւելի քան մէկ դարու ընթացքին Դաշնակցութեան Լիբանանի ակումբները եղան մէկական հայաստաններ օտարութեան մէջ: Եղան մանաւա՛նդ անկախութեան եզակի դպրոցներ, որոնց պատերուն վրայ դրոշմուած «Ազատութիւն կամ մահ» նշանաբանը դարձաւ խորհրդանշան յարատեւ պայքարի եւ աշխատանքի, հոգիի եւ մտքի կրթութեան, բահի, գրիչի եւ սուրի ծառայութեան:
Դաշնակցութեան ակումբներուն մէջ, կազմակերպական ջանքով, կուսակցական-գաղափարական դաստիարակութեամբ դարբնուեցան իրենց ժողովուրդին, հայրենիքին եւ Դատին ծառայելու պատրաստ յաջորդական սերունդներ: Ու երբ պատմական պահը հասաւ, այդ ակումբներէն յայտնուեցան լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան նուիրեալներ, Հայ դատի զինուորագրեալներ եւ արցախեան պայքարի ազատամարտիկներ:
Այդ ակումբներուն մէջ կազմաւորուեցան գաղափարի մարտիկներ` կուսակցական դասախօսներ, վարիչներ եւ մտաւորականներ, որոնք տարիներ շարունակ սնանեցան ակումբներու գրադարաններէն, ժողովրդային ներքին լսարաններէն եւ կուսակցական ժողովներու բեղուն քննարկումներէն:
Վերջապէս, այդ ակումբներուն մէջ հասակ առին կուսակցութեան հաւատաւոր շարքայիններ, որոնք անպայման սուրի եւ գրիչի վարպետներ չեղան, բայց կազմակերպական յարատեւ եւ անաղմուկ աշխատանքի հերոսներ դարձան: Ամիսէ ամիս ժողովներու ներկայ գտնուեցան, շաբաթը քանի մը օր ակումբ ներկայութիւն եղան եւ ամենայն պարտաճանաչութեամբ ու պատասխանատուութեամբ ազգային-կուսակցական ձեռնարկներու մասնակցեցան:
Դաշնակցութեան ակումբները իրենց ստեղծման առաջին օրէն եղան մէկական «Ժողովրդային տուն»-եր, որոնց յարկին տակ գործեցին ե՛ւ կուսակցական միաւորներ (պատանեկան միութիւններ, ԼԵՄ-ի մասնաճիւղեր, կոմիտէներ), ե՛ւ ուղեկից միութիւններ (ԼՕԽ-ը, Համազգայինն ու ՀՄԸՄ-ը): «Ժողովրդային տուն»-երը ունեցան իրենց գրադարան-ընթերցարանները, որոնք տասնամեակներ շարունակ դաստիարակիչ դեր ունեցան պայմաններու բերումով դպրոցական կրթութենէ զրկուած հայորդիներու համար: «Ժողովրդային տուն»-եր դիմեցին տարեցներ (թուղթ եւ նարտի խաղալու), պատանիներ (նստակեաց խաղեր խաղալու), երիտասարդներ (ընկերային հաճելի պահեր անցընելու), միութենականներ (ժողովական կեանքի մասնակցելու) եւ թաղեցիներ (իրենց հարցերու լուծման դիմումներով` ընտանեկանէն մինչեւ թաղային հարցեր, ազգայինէն մինչեւ պետական հարցեր):
«Ժողովրդային տուն»-երը եղան ժողովուրդին հարազատ ներկայացուցիչներուն տուները: Երեսփոխանական ընտրութիւններէ առաջ եւ ետք, թեկնածուներ այցելեցին այդ տուները, հանդիպումներ ունեցան տան անդամներուն` թաղեցիներուն հետ, գօտեպնդուեցան անոնցմէ, խրախուսեցին զանոնք: Ընտրութիւններու օրերուն «Ժողովրդային տուն»-երը վերածուեցան մէկական ընտրական կեդրոններու, ուրկէ քուէատուփեր առաջնորդուեցան մեր ժողովուրդի տասնեակ հազարաւոր անդամները` քուէով իրենց ուժը արտայայտելու եւ քաղաքական ներկայութիւնը հաստատելու համար:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տասնհինգ տարիներուն, 1975-1990, Դաշնակցութեան ակումբները դարձան մէկական ամրոցներ, որոնք կազմակերպեցին շրջանի հայութեան ապահովութեան եւ անդորրութեան հսկողութիւնը, վիրաւորներու եւ հիւանդներու հիւանդանոց փոխադրութիւնը: Ակումբները ջուր, հաց եւ պարէն ապահովեցին իրենց թաղեցիներուն, դեղորայք եւ անմիջական անհրաժեշտութեան պիտոյքներ տրամադրեցին կարիքաւորներուն: Բոլորը, անխտի՛ր բոլորը, առանց կուսակցական կամ դաւանական տարբերութեան, բոլորուեցան Դաշնակցութեան ակումբներուն շուրջ եւ 24 ժամուան պահակութեան աշխատանքով` աչալուրջ հսկեցին ազգային մեր հաստատութիւններուն, կառոյցներուն, շուկաներուն եւ թաղերուն:
Ակումբներու մէջ տարիներ միասին ապրելով ու գործելով` թաղեցիներու միջեւ ստեղծուեցաւ ընկերականութեան հոգեհարազատ այնպիսի մթնոլորտ, որ իւրաքանչիւր ակումբ վերածեց մէկ ընտանիքի: Հոս այլեւս կարելի չեղաւ իրարմէ զանազանել կուսակցականն ու համակիրը, որովհետեւ ամէնքը` պատանին, ԼԵՄ-ականը, ԼՕԽ-ականը, համազգայնականը, ՀՄԸՄ-ականը թէ հայրենակցական այս կամ այն միութեան պատկանողը մտածեցին ու գործեցին «Մէկը բոլորին, բոլորը մէկուն» սկզբունքով:
Դաշնակցութեան Ակումբներուն
Նոր Դերը Եւ Դիմագիծը
Դաշնակցութեան ակումբները ծնունդն են իրենց ժողովուրդին եւ թաղերուն: Այսօր պայմանները տարբեր են, հետեւաբար ակումբ հասկացողութիւնը եւս տարբեր է, որովհետեւ երբեմնի հայահոծ թաղերու ժողովուրդը նօսրացած է այլեւս: Բնակիչները ցրուած են արուարձաններու մէջ: Փոխուած են հետաքրքրութիւնները եւ զբաղումի միջոցները: Թաղ հասկացողութիւնը գրեթէ չքացած է. տեղ-տեղ ան վերածուած է շրջանի, իսկ կարգ մը տեղեր` հսկայ քաղաքի, ուր մարդիկ ակումբ երթալու համար պէտք է բաւական ժամանակ տրամադրեն:
Արուարձաններու մէջ, ուր այսօր կը բնակի մեր ժողովուրդին մեծ մասը, ակումբներ կա՛մ չկան, կա՛մ հեռու են բնակելի թաղամասերէ: Հետեւաբար անցեալի ներկայութիւնը եւ աշխուժութիւնը չկայ կարգ մը ակումբներու մէջ: Շատ յաճախ ակումբները վերածուած են ժողովարաններու, ուր մարդիկ կ՛այցելեն ամիսը մէկ կամ երկու անգամ, երբ ժողով մը կամ հանդիպում մը ունին:
Այս երեւոյթը մատնանշելով հանդերձ, պէտք է ընդունիլ սակայն, որ Դաշնակցութեան ակումբները կը մնան «Ժողովրդային տուն»-եր, հոն, ուր պայմանները ձեռնտու են: Պուրճ Համուտի, Ռաուտայի, Ֆանարի, Այնճարի թէ այլ շրջաններու մէջ, ուր համախումբ հայութիւն կայ, օրական ակումբ յաճախողներու զգալի թիւ մը կայ: Կուսակցական կազմաւորման աշխատանքը կը շարունակուի ակումբներու ճամբով եւ ամէն տեղ պատանեկանի, երիտասարդականի շարքերը իրենց ժողովները, ներքին սեմինարները եւ յանձնախմբային աշխատանքները կը կատարեն ակումբներու մէջ, ուր Դաշնակցութեան շունչը մնայուն ներկայութիւն է` այնտեղ գործող կոմիտէութիւններով, գրադարաններով, պատի թերթերով, անցեալի ու ներկայի հերոսներու նկարներով եւ զանազան միջոցներով: Ակումբները կը շարունակեն մնալ բոլորը համախմբող, բոլորը ծառայութեան լծող եւ բոլորին հասնող կեդրոններ` առանց տարիքի, սեռի, ասպարէզի եւ պատկանելիութեան խտրութեան:
Ակմբային դաստիարակութիւնը կը շարունակէ իր կարեւոր նպաստը ունենալ նորահաս սերունդներու հայապահպանման աշխատանքին: Անցեալի միջոցները կրնան փոխուած ըլլալ, բայց նպատակը կը մնայ նոյնը` ակումբներու ճամբով պատանի-երիտասարդներու համար ստեղծել ընկերային ապահով միջավայր, որպէսզի անոնք հեռու մնան մոլութիւններէ եւ յոռի բարքերէ: Ըլլան առողջ, միտքով ու մարմինով: Ըլլան հայ իրականութեան առնչակից տղաք ու աղջիկներ, յանձնառու հայեր, տիպար ազգայիններ եւ հաւատաւոր կուսակցականներ:
Դաշնակցութեան ակումբները ժողովուրդին համար կը մնան փրկութեան ապաւէններ: Ժողովուրդը իր նեղութեան եւ տագնապի պահերուն կը դիմէ ակումբ` հարցերուն լուծումներ գտնելու համար: Ճիշդ է` այսօր պատերազմական օրերու մէջ չենք գտնուիր, բայց նաեւ բնական պայմաններու մէջ եւս չենք ապրիր: Մեր շուրջը կան տեսակաւոր դժուարութիւններ (յիշենք «Քորոնա»-ի համաճարակին, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին եւ տնտեսական տագնապի ծանրակշիռ օրերը), որոնց լուծումը ժողովուրդը կը փնտռէ ակումբներու եւ անոնց պատասխանատուներուն մօտ: Հետեւաբար ակումբներու դերը մեծ եղած է լիբանանահայութեան կեանքին մէջ ու մեծ կը մնայ, այնքան ատեն որ ժողովուրդ-կուսակցութիւն կապերը առողջ ու սերտ կը մնան, եւ այնքան ատեն որ իրարու հանդէպ փոխադարձ յարգանքը եւ վստահութիւնը անխախտ կը մնան:
(Շար. 2 եւ վերջ)