Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրախօսական. Վեր. Դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի «Հաւատք, Յոյս Եւ Սէր» Հատորին Մասին

Յունուար 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ՍԵՐՈԲ Ճ. ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Ատենապետ Հիւսիսային Ամերիկայի Հայ աւետարանական միութեան                                           

Հայ քրիստոնէական ժառանգութեան յանձնախումբի

Վերջերս լոյս տեսաւ վեր. դոկտ. Վահան Յ. Թութիկեանի 48-րդ գիրքը` անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով գրուած: Գիրքը հրատարակուած է Տիթրոյթի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ Հայկական ժառանգութեան յանձնախումբին կողմէ:

Հանրայայտ ճշմարտութիւն է, որ մարդ արարածի լաւագոյն, անխարդախ եւ հաւատարիմ բարեկամը գիրքն է: Առանց գիրքի` մարդ արարածին միտքը, սիրտն ու հոգին ոչ միայն կ՛աղքատանան, այլ նաեւ կը սնանկանան, հետեւաբար իր մշակոյթն ալ իրեն հետ կ՛անհետանայ եւ կը ջնջուի այս աշխարհէն:

Իբրեւ հայ ազգի զաւակներ` անկասկած կ՛ապրինք մարտահրաւէրներով լեցուն կեանք: Հայ ժողովուրդը ճգնաժամի մէջ է: Ընտանեկան, հոգեւոր, բարոյական, ազգային եւ մշակութային դաստիարակութիւնը, ինչպէս նաեւ լեզու, բարքեր եւ բարոյական արժէքները նահանջի մէջ են:

Պօղոս առաքեալ Կորնթոսի ուղղուած առաջին նամակին մէջ կ՛անդրադառնայ աստուածային սիրոյն եւ կը շեշտէ, որ մարդ արարածը կոչուած է աստուածային սիրով լեցուելու, որպէսզի կարենայ քրիստոսակեդրոն հաւատքով եւ յոյսով ապրիլ, նախ` սիրելով իր Ստեղծիչն ու Փրկիչը, ապա` իր նմանը:

Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեան, Տիրոջ այգիին մէջ իր վաթսունէ աւելի տարիներու նուիրական ծառայութեան կողքին, կը հրատարակէ իր նորագոյն գիրքը` «Հաւատք, յոյս եւ սէր» խորագիրով հատորը, որ  հիմնուած է Ա. Կորնթացիս 13. 13-րդ համարին վրայ, որ կ՛ըսէ. «Ուստի հիմա կը մնայ` հաւատք, յոյս, սէր: Այս երեքը ու ասոնց մեծագոյնը սէրն է»:

Վեր. Թութիկեան իր գիրքի յառաջաբանին մէջ կը շեշտէ, որ մարդ արարածին աստուածային երեք անփոխարինելի շնորհներն են` հաւատք, յոյս եւ սէր, որոնք բացարձակ անհրաժեշտութիւն են լիիրաւ, որակաւոր եւ իմաստալի կեանքի մը համար:

Սոյն հատորը երկլեզու է: Ան կը բովանդակէ 26 անգլերէն եւ 16 հայերէն յօդուածներ, որոնք պարփակուած են 144 էջերու մէջ: Անգլերէն եւ հայերէն յօդուածները իրարմէ կը տարբերին իրենց բովանդակութեամբ:

Վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանի հայերէն նիւթերը բազմակողմանի են. կրօնական, ինչպէս` Սուրբ Ծնունդ, Սուրբ Զատիկ, Գալստեան կիրակի եւ այլն,  ազգային, մշակութային եւ  դաստիարակչական, ինչպէս` «Ապրիլ 24-ը իբրեւ խորհրդանիշ», «Ասկէ թուրքերը անցած են» (ի յիշատակ Արցախի նահատակներուն), «Հայ մշակոյթին անփոխարինելի դերը» (Հայ մշակոյթի ամսուան առթիւ) եւ այլն, համամարդկային` «Ինչպէ՞ս կարելի է զԱստուած տեսնել», «Քաղաքական իմաստութիւն», «Հիւրասիրութեան արտասովոր օրինակ մը» եւ այլն:

Յօդուածները եռոտանի շեշտաւորում ունին եւ հեղինակին համար շատ յստակ է, որ հայ անհատը կոչուած է ըլլալու ՀԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՄԱՐԴ:  Այսինքն հայ անհատը կոչուած է բառին իսկական առումով հայ ըլլալու: Ըստ հեղինակին, «Ի՞նչ արժէք ունին մատենադարաններու մէջ մթերուած մշակութային ժառանգութիւնները, ի՞նչ իմաստ ունին թանգարաններու մէջ պահուած արուեստի գործերը, եթէ զանոնք գործնապէս գնահատելու, անոնցմով ներշնչուելու եւ զանոնք հոգեպէս ըմբոշխնելու վիճակի մէջ չեն հայ մարդիկ»:

Հայ անհատը կոչուած է քրիստոսակեդրոն հաւատքով նուիրուած հաւատացեալ ըլլալու. «Քրիստոնէական հաւատքը կոյր եւ անտրամաբանական բաղձանք մը չէ, այլ կատարեալ վստահութիւն է առ Աստուած: Հաւատքը վստահութիւն, յոյս եւ խրախոյս կը ներշնչէ: Այդ անյողդողդ հաւատքով էր, որ յամի տեառն 5-րդ դարու կիսուն  մեր նախնիք Վարդանանց պատերազմը մղեցին մազդէական պարսիկներուն դէմ` «Վասն Քրիստոսի եւ վասն հայրենեաց»:

Հայ անհատը կոչուած է գլխագիր Մարդ ըլլալու, այդ մասին հեղինակը կը գրէ. «Մեր մասին կրնա՞ն ըսել` «Ահաւասիկ մարդ մը, որ վստահելի է, արդար է, ազնիւ է, փափկանկատ է, մարդ մը, որուն «այո»-ն «այո» է եւ «ոչ»-ը` «ոչ». մարդ մը, որ ճշմարիտ քրիստոնեայ մըն է»:

Վեր. Թութիկեանի յօդուածներուն մէջ կը նկատենք հայապահպանման ծանրաբեռնուածութիւնը, յատկապէս` մայր հայրենիքէն դուրս ապրող հայութեան համար. «Ինչպէ՞ս կրնանք հայ մնալ եւ ինչպէ՞ս կրնանք մեր ազգային-մշակութային ժառանգութիւնը փոխանցել մեր յետնորդ սերունդներուն, որպէսզի «հայ ապրինք պատմութեան մէջը»:

Անկասկած վեր. Թութիկեանի համար մայր հայրենիքի` Հայաստան աշխարհի, վերիվայրումները եւ յատկապէս` Արցախի 44-օրեայ պատերազմը ու անկէ յառաջ եկած բաժանումները խոր ցաւ կը պատճառեն: Փոխանակ մեղադրանքի` ան կը շեշտէ. «Ժամանակն է, որ հայրենի մեր պետական ղեկավարները Սողոմոն թագաւորին պէս արթնամտութիւնը ունենան Աստուծմէ խնդրելու իմաստութիւն` ճշմարտութիւնները ընդունելու, իրողութիւնները տեսնելու, մեր ժողովուրդի ընկերային, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքը լաւագոյն կերպով վարելու»:

Հեղինակին յօդուածները եւ պատգամները համեմուած եւ ճոխացած են աստուածաշնչական համարներով, ճշմարտութիւններով, ինչպէս նաեւ` պատմական, գրական մէջբերումներով եւ ամէնօրեայ կեանքի օրինակներով: Այս երկլեզու 42 յօդուածներն ալ տեսական բնոյթ չունին, այլ` գործնական, որ մարդ արարածի կեանքին հետ առնչուած է:

Սոյն հատորին հրատարակութեան բարեբաստիկ առիթով, անգամ մը եւս Աստուծոյ փառք կու տանք վեր. դոկտ. Վահան Թութիկեանի անձնուէր ծառայութեան եւ նուիրական կեանքին համար: Լիայոյս եմ, որ այս հատորը ընթերցողը նախ ինք պիտի հարստանայ հոգեւորապէս եւ ապա պիտի հարստացնէ իր շրջապատը` հաւատքի, յոյսի եւ սիրոյ ազնուագոյն շնորհներով:

Վարձքը կատար վեր. դոկտ Վահան Թութիկեանին: Կ՛աղօթենք, որ Աստուած իրեն պարգեւէ երկար եւ քաջառողջ կեանք, որպէսզի շարունակէ ծառայել ի փառս Աստուծոյ, ի շինութիւն Իր եկեղեցիին եւ ի պայծառութիւն հայ ազգին:

 

 

Նախորդը

Լուսահոգի Ժիրայր Դանիէլեանի քառասունքին. «Կեանքս Սկսաւ Մխիթարեանով: Կեանքս Կ’աւարտի Մխիթարեանով»

Յաջորդը

2023 Տարուան Հայրապետական Հռչակագրի Գործադրութիւնը Անյետաձգելի Հրամայական Է Յատկապէս Սփիւռքեան Մեր Կեանքին Մէջ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?