Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՕԹԱՆ-ի Մէջ Ազրպէյճանի Ներկայացուցչութիւնը Երեւանը Մեղադրած Է Բերձորի Ճամբուն Կացութեան Համար

Յունուար 10, 2023
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՕԹԱՆ-ի մէջ Ազրպէյճանի ներկայացուցչութիւնը Երեւանը մեղադրած է Բերձորի ճամբուն շուրջ ստեղծուած կացութեան համար` ըսելով. «Հայաստանը յուսահատութեան մէջ է Լաչինի ճամբան իր անօրինական գործունէութեան համար օգտագործելու անկարողութեան պատճառով»:

«Հայաստանը բազմաթիւ կեղծ պատմութիւններ կը քարոզէ` տեղւոյն կացութիւնը խեղաթիւրելու համար… Հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Հայաստան այդքան յուսահատ է, որովհետեւ Լաչինի ճամբան այլեւս հասանելի չէ իր անօրինական գործողութիւններուն համար», կը նշուի առաքելութեան «Թուիթըր»-ի էջին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան մէջ:

«Ինթըրֆաքս-Ազրպէյճան» կը հաղորդէ, որ ՕԹԱՆ-ի մէջ այդ երկրին ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է. «Լաչինի ճամբան Ազրպէյճանի գերիշխան տարածքն է, ան համաձայնած է այդ ճամբան օգտագործել բացառապէս մարդասիրական նպատակներով` համաձայն եռակողմ յայտարարութեան վեցերորդ կէտին, եւ նոյնիսկ աւելի քիչ, քան երկու տարուան ժամանակի մէջ շահագործման յանձնեց նոր ճամբան»:

«Ազրպէյճան բարեխղճօրէն կատարած է իր բոլոր պարտաւորութիւնները, իսկ Հայաստան առաջին օրերէն կ՛օգտագործէ Լաչինի ճամբան անօրինական գործունէութեան համար: Հայաստան նոյնպէս չէ բացած շրջանին մէջ բոլոր փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնները, ինչ որ եռակողմ յայտարարութեան 9-րդ կէտի կոպիտ խախտում է», ընդգծած է ՕԹԱՆ-ի մէջ Ազրպէյճանի առաքելութիւնը:

«Հայաստան Լաչինի ճամբան օգտագործած է զէնքի եւ անձնակազմի ապօրինի տեղափոխման համար», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

Պաքու կը շարունակէ պնդել, թէ Բերձորի միջանցքը բաց է, եւ «Հայաստանը եւ որոշ խամաճիկներ դիտումնաւոր կերպով կը խոչընդոտեն քաղաքացիներուն օգտուիլը Լաչինի ճամբայէն` «շրջափակման» մասին կեղծ պատմութիւն ստեղծելու համար»:

Յիշեցնենք, որ Բերձորի միջանցքը կը շարունակէ 12 դեկտեմբեր 2022-էն ի վեր ազրպէյճանցի «բնապահպաններու» կողմէ փակուած մնալ, թէեւ Արցախի մէջ որոշած են ժամանակաւորապէս դադրեցնել Կաշէնի հանքավայրի շահագործումը, իսկ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը առաջին իսկ օրէն յայտարարած էր, թէ Դռմբոնի ու Կաշէնի հանքավայրերուն մէջ հսկողութիւն պէտք է կատարուի:

 

Նախորդը

Աքչամ Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Արցախահայերուն

Յաջորդը

«Հայաստան» Հիմնադրամը Կոչ Կ՛ուղղէ Միջազգային Կառոյցներուն Ջանքեր Գործադրելու` Ստեփանակերտի Օդակայանի Գործարկման Ուղղութեամբ

RelatedPosts

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին
Գլխաւոր լուրեր

Ազրպէյճանի Հոգեւոր Առաջնորդը Կրկին Մեղադրանքներ Հնչեցուցած Է Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Հասցէին

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»
Հայկական

Ալիեւ. «Հայաստանի Հետ Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Նախաստորագրումը Հարաւային Կովկասը Պիտի Վերածէ Խաղաղութեան Տարածքի»

Հոկտեմբեր 14, 2025
Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Նոր Դեսպանը Իր Հաւատարմագիրները Յանձնեց Շիպանիին

Հոկտեմբեր 13, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?