Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հակառակ Տագնապներուն` «Ազդակ» Անխափան Հրատարակութեամբ Թեւակոխեց Իր 95-Ամեակը

Յունուար 9, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ն. ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Յատուկ Թիւեր Եւ Նոր Տարուան Բացառիկ

Մեկնելով երկրին մէջ ստեղծուած պայմաններէն, «Ազդակ»-ի Նոր տարուան բացառիկը եւս փոխեց իր աւանդական ձեւաչափը` լոյս տեսնելով յաւելուածի տեսքով:  Բովանդակութիւնը սահմանափակուեցաւ հայրենի, սփիւռքեան, լիբանանեան, լիբանանահայութեան, կուսակցական ընթացիկ տարուան գործունէութեան հանրագումարը ամփոփող գրութիւններով:

Նկատի ունենալով, որ 5 մարտին ամբողջացաւ «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան 95-ամեակը, նոյն օրուան թիւը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ այդ առիթին:

Նման յոբելեան մը աւելի բնականոն պայմաններու մէջ կրնար շուքով նշուիլ` թէ՛ հրատարակչական եւ թէ՛ ալ ձեռնարկներու կամ մամուլի առնչուած տարբեր նիւթերու նուիրուած համաժողովներու առումով: Բայց եւ այնպէս կատարուեցաւ կարելին: Այդ թիւին մէջ լոյս տեսան «Ազդակ»-ի հիմնադրութեան առիթով հայ մամուլին եւ «Ազդակ»-ի դերակատարութիւնը վերլուծող յօդուածներ:

Շատ կարեւոր նախաձեռնութեամբ մը այս առիթով, մեր երիտասարդ աշխատակիցներու առաջարկով «Ազդակ» կազմակերպեց առցանց հարցախոյզ մը: Հարցախոյզի տուեալներուն հիման վրայ բնականաբար կատարուեցան եզրայանգումներ, որոնք պիտի դառնան ուղենիշ խմբագրական հետագայ քաղաքականութեան համար: Հարցախոյզին կազմակերպիչներն ու մասնակիցները երիտասարդներ են: Այդ պատճառով ալ եւ մանաւանդ հեռանկարային առումով եզրայանգումները պարտաւորեցուցիչ են: Հարցախոյզը լոյս տեսաւ յատուկ յաւելուածով:

Լիբանանի մէջ տիրող անբնական կացութենէն մեկնած` այս տարի եւս կարելի չեղաւ սովորական ձեւաչափով Ապրիլ 24-ի բացառիկ հրատարակել, այլ օրուան թիւը` աւելի էջերով, յատկացուեցաւ ապրիլեան նիւթով յօդուածներու, վերլուծականներու: Մայիս 28-ի «Ազդակ»-ի թիւը եւս յատկացուեցաւ Հայաստանի անկախութեան ու անոր խորհուրդին:

Այցելութիւններ` «Ազդակ»-ի Խմբագրատուն

«Ազդակ»-ի խմբագրատունը շարունակեց հիւրընկալել Լիբանանէն, Հայաստանէն, Արցախէն եւ սփիւռքէն մտաւորականներ, մամլոյ գործիչներ, թէ ընդհանրապէս տարբեր առիթներով Լիբանան այցելած հիւրեր:

Այս հանդիպումները առիթ հանդիսացան զրուցելու եւ քննարկելու ոչ միայն մամուլին վերաբերող հարցեր, այլ նաեւ հայկական աշխարհը յուզող խնդիրներ:

«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքը

«Ազդակ» առօրեայ կշռոյթով շարունակեց թարմացնել արաբերէն կայքը, ուր շարունակ տեղադրուեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի յանձնախումբին հաղորդագրութիւնները, ինչպէս նաեւ հայրենական թէ սփիւռքեան կարեւորագոյն իրադարձութիւններուն վերաբերող լուրեր:

Բազմաթիւ անգամներ հարկ եղաւ նաեւ արաբերէնով հակազդելու հայաստանեան եւ արցախեան ուղղութիւններով թուրք եւ ազրպէյճանական քարոզչամեքենային արաբատառ յերիւրանքներուն:

Այս առումով արաբերէն կայքը արձանագրեց ոչ հայ ընթերցողներու թիւի կտրուկ աճ:

Աւարտեցաւ «Ապագայ Լրագրողներ»-ու
Երկրորդ Փուլը, Սկսաւ Երրորդը

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ի եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ 3 յունիս 2022-ին վերսկսաւ «Ապագայ լրագրող»-ներու լրագրութեան վարժողական ծրագիրը, որ առկախուած էր «Քորոնա» համավարակի եւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք:

Հանդիպումին ընթացքին «Ապագայ լրագրող»-ները ծանօթացան կատարուելիք աշխատանքներու մանրամասնութիւններուն, ինչպէս նաեւ ընդհանուր վերաքաղ մը կատարեցին այն նիւթերուն, որոնց հետեւած էին տարբեր դասախօսութիւններու ընթացքին:

Ծրագիրի պատասխանատու` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան անդրադարձաւ լրագրութեան տարբեր ժանրերուն, կեղծ լուրերու բացայայտումի մեթոտներուն, յօդուածագրութեան, հարցազրոյց կատարելուն, լուր գրելու կանոններուն, թղթակցութիւն պատրաստելու օրէնքներուն, տեսագրութիւն եւ լուսանկարչական տեսագրութիւն կատարելու թեքնիքներուն, ինչպէս նաեւ լրագրական բարոյագիտութեան:

– 10 յունիսին լրագրութեան վարժողական ծրագիրը զում հեռակապով հիւրընկալեց ԹՈՒՄՕ-ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեանը, որ ներկայացուց ԹՈՒՄՕ-ի աշխատանքները:

Ան անդրադարձ մը կատարեց Հայաստանի տարածքին գործող կառոյցի ընդարձակ ցանցին, ինչպէս նաեւ անոր գործունէութեան եւ կիրարկած ուսման տարբեր մեթոտներուն:

Դասախօսը անդրադարձաւ նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի միջազգային ցանցին` աւելցնելով, որ յաւելեալ կեդրոններ բանալու ծրագիր գոյութիւն ունի նաեւ ամերիկեան, եւրոպական եւ արաբական այլ երկիրներու մէջ: Ան մանրամասն ներկայացուց կեդրոններուն մէջ դասաւանդուած նիւթերը, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ որդեգրուած մեթոտները:

Մարի Լու Փափազեան շեշտեց, որ ԹՈՒՄՕ-ի նպատակն է աշակերտը մղել ընտրելու այն ճիւղը, որուն մէջ ինք հանգիստ կը զգայ, կը սիրէ եւ կը փափաքի անոր մէջ հմտանալ: Ան հաստատեց, որ իրենց կեդրոններուն մէջ կ՛աշխատին հարիւրաւոր երիտասարդներ: Ան անդրադարձաւ կեդրոնին ունեցած տասնեակ բաժանմունքներուն, ինչպէս նաեւ ԹՈՒՄՕ-ի մէջ աշխատելու կարելիութիւններուն ու չափանիշներուն:

– «Ապագայ լրագրող»-ներու ծրագիրին անդամները 17 յունիսին այցելեցին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանք` ծանօթանալու դպրեվանքին աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ անոր կառոյցին եւ ջամբած հոգեւոր ու ազգային դաստիարակութեան:

Դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շերնէզեան դիմաւորեց ապագայ լրագրողները, ներկայացուց դպրեվանքի առաքելութիւնը, դպրեվանեցիներու առօրեան, կրթական ծրագիրը, հոգեւորին կողքին ազգայինով թրծելու պատասխանատուութիւնը:

Ապագայ լրագրողներուն ուղղած հարցումներով, դպրեվանքի տեսուչին հետ հանդիպումը վերածուեցաւ մտերմիկ զրոյցի մը, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ դպրեվանքի ջամբած ուսման կարեւորութեան, հոգեւորականներու պատրաստութեան առաքելութեան, արեւմտահայերէնի պաշտպանութեան անհրաժեշտութեան, երիտասարդութիւն-եկեղեցի յարաբերութեան եւ այս իմաստով արձանագրուած բացթողումներուն:

Ապագայ լրագրողները շրջագայեցան դպրեվանքի տարբեր բաժանմունքները, ինչպէս նաեւ ծանօթացան դպրեվանքի շրջափակին մէջ գտնուող կոթողներուն ու հայ ժողովուրդի պատմութեան տարբեր փուլերը խորհրդանշող քանդակներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշարձանին: Ապա անոնք այցելեցին Ս. Աստուածածին վանք:

– Երկրորդ փուլը աւարտեցաւ շաբաթ, 2 յուլիս 2022-ին` ապագայ լրագրողներուն «Կիլիկիա» թանգարան այցելութեամբ:

«Ապագայ լրագրող»-ներ ծրագիրը երկրորդ սերունդը այցելեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» թանգարան, ուր ծանօթացաւ հայ եկեղեցւոյ մասունքներուն, ծիսական զգեստներուն, ձեռագիրներուն, խաչքարերուն, հայկական հին դրամներուն, տպագիր գիրքերուն, գորգերուն եւ կերպարուեստին:

Թանգարանի քարտուղար Հեղինէ Արամեան ներկայացուց այդտեղ գտնուող եկեղեցական սպասներն ու տարազները, ինչպէս նաեւ Սիսի կաթողիկոսութենէն փրկուած եկեղեցական իրերը, որոնք 1915-ին փոխադրուած են Հալէպ եւ խղճալի պայմաններու մէջ Անթիլիաս հասած են 1930-ին: Անոնք շրջագայեցան թանգարանին մէջ եւ ծանօթացան հայ ազգային ու եկեղեցական հարստութեան:

***

– Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, 21 հոկտեմբեր երեկոյեան ընթացք առաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին երրորդ փուլը, «Ազդակ»-ի յարկին տակ:

«Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ սերունդին մաս կը կազմեն Յարութ Մաւեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Հրակ Մամիկոնեան, Լոռի Յովսէփեան, Արազ Խտըրեան, Ռիթա Փափազեան, Գարին Գույումճեան, Սեւակ Զարմէնեան, Սօսէ Խաչատուրեան, Մարիա Խաչատուրեան, Ալին Այանեան, Յովիկ Պետրոսեան, Ներսէս Ապրիլեան, Բալիկ Պօղոսեան, Ռիթա Սալում եւ Հելենա Քէշիշեան:

Ծրագիրին պատասխանատուն` «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան ներկայացուց ծրագիրը, անոր նպատակներն ու ընդհանուր առմամբ «Ազդակ»-ը, իր աշխատանքի տարբեր բաժանմունքներով եւ հրատարակութեան հոլովոյթով: Լրագրութեան վարժողական այս ծրագիրին մէջ ներառուած են լրագրողական տարրական գիտելիքներ` թղթակցութիւն, հարցազրոյց վարել, յօդուածագրութիւն, նկատի առնուած են նաեւ թուայնացման, լսատեսողական եւ արհեստական բանականութեան վերաբերող դասախօսութիւններ:

– 4 նոյեմբերին անոնք կատարեցին լուր գրելու իրենց առաջին փորձը: Լուր գրելու սկզբունքներուն ու նրբութիւններուն ծանօթացած «Ապագայ լրագրողներ»-ը «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ փորձեցին կեդրոնանալ եւ իրենց շաբաթական հանդիպումը լեցնել նոր փորձառութեամբ մը` ամբարելով լուր գրելու արուեստի յաւելեալ թեքնիքներ:

Լուր մը գրելու նրբութիւններն ու այդ նպատակով կատարուող ընդհանուր աշխատանքը ներկայացուց «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Արշօ Պալեան:

– 11 նոյեմբերին «Ազդակ»-ի անձնակազմի անդամ Նարէ Գալեմքէրեան հանդիպում մը ունեցաւ ապագայ լրագրողներուն հետ եւ անոնց ծանօթացուց թարգմանական աշխատանքը` բացատրելով ճշգրիտ թարգմանութիւն կատարելու ձեւերը: Ան թելադրեց լաւ հասկնալ բնագիրը եւ պրպտել բոլոր անծանօթ եզրերն ու միտքերը, որպէսզի կարելի ըլլայ անսխալ թարգմանութիւն մը կատարել` հեռու մնալով բառացի թարգմանութենէ:

Ն. Գալեմքէրեան անդրադարձաւ «Ազդակ» օրաթերթին մէջ գրաւիչ, պատշաճ եւ հետաքրքրական էջեր պատրաստելու թեքնիքներուն ու ձեւերուն` հաստատելով նաեւ խորագիրին հրապուրիչ ըլլալու կարեւորութիւնը:

Զեկուցումէն ետք ապագայ լրագրողները թարգմանական աշխատանք մը կատարեցին, ապա ընթերցեցին իրենց թարգմանութիւնը եւ մնացեալ մասնակիցներուն հետ քննարկում կատարեցին:

– 2 դեկտեմբերին մասնակիցները հետեւեցան «Ազդակ»-ի խմբագիրներէն Վահրամ Էմմիեանի ներկայացուցած դասախօսութեան, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ միջազգային եւ շրջանային լուրերու պատրաստութեան թեքնիքներուն:

Լուր մը, յատկապէս միջազգային լուր մը գրելու համար վստահելի լրատուամիջոցներ ընտրելու եւ որոնելու ձեւերուն ամբողջական ծանօթացումէն ետք ապագայ լրագրողները իմացան «Ազդակ»-ի յաւելուածը ունենալու եւ անոր ընդմէջէն արագ լրահոսը ընթերցողին հասցնելու աշխատանքին մասին:

«Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին մասնակիցները խմբագրատան մէջ հետեւեցան արագ լրահոս պատրաստելու եւ զայն անմիջապէս «Ազդակ»-ի յաւելուածը ներբեռնած բոլոր բաժանորդներուն հասցնելու հոլովոյթին:

– 9 դեկտեմբերին «Ապագայ լրագրողներ»-ը այցելեցին «Վանայ ձայն», դիմաւորուեցան ռատիոկայանի տնօրէն Վիգէն Աւագեանի կողմէ, որ կայանի տարբեր բաժանմունքներուն մասին համապարփակ տեղեկութիւններ տուաւ` ներկաները հաղորդակից դարձնելով լսատեսողական լրատուամիջոցներու գործունէութեան:

Այս շրջագիծին մէջ ան անդրադարձաւ կայանին մէջ կատարուած լրատուութեան, յայտագիրներու եւ ծանուցումներու պատրաստութեան, խօսնակներու եւ ձայնի հաղորդավարներու աշխատանքին, ինչպէս նաեւ վարչական եւ թեքնիք աշխատանքներու հոլովոյթին` լուսարձակի տակ առնելով այն արդիական եւ այժմէական միջոցները, որոնք կ՛օգտագործուին` քայլ պահելու համար արհեստագիտական այսօրուան չափանիշներուն հետ:

Անոնք մասնակիցները ծանօթացան նաեւ «Վանայ Ձայն»-ի սթիւտիոներուն, ուր անոնք հետեւեցան նաեւ թեքնիք բացատրութեան, որ ներկայացուեցաւ ռատիոկայանի ձայնի հաղորդավարներէն Յակոբ Չպլաքեանի կողմէ: Ան բացատրեց նաեւ յայտագիրները արխիւի վերածելու ձեւերն ու միջոցներուն մասին, պարզեց ուղղակի սփռուող յայտագիրներուն ընկերակցելու թեքնիքները, ինչպէս նաեւ երգեր սփռելու ծրագիրները:

– 17 դեկտեմբերին մասնակիցները այցելեցին ԳՈՀԱՐ գրադարան, ուր անոնք դիմաւորուեցան գրադարանի պատասխանատու Կարօ Տէրունեանի կողմէ:

Արդիական եւ մասնագիտական այս գրադարանին մէջ «Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան գիրքերու, յատկապէս երգարաններու, բառարաններու, ինչպէս նաեւ հայոց պատմութեան տարբեր փուլերը յատկանշող գիրքերու լայն հաւաքածոյի մը: Անոնք իմացան նաեւ, որ հազարաւոր գիրքեր պարունակող ԳՈՀԱՐ գրադարանին մէջ կան նաեւ մեծ թիւով ձայնասկաւառակներ եւ հսկայական արխիւ մը երգերու: Կ. Տէրունեան հետաքրքրական դրուագներ պատմեց իր պեղած ու գտած գիրքերուն մասին եւ անդրադարձաւ ամբողջ ազգի մը պատմութիւնը ներկայացնող այդ գիրքերուն ուղեւորութեան:

«Ապագայ լրագրողներ»-ը ծանօթացան նաեւ ԳՈՀԱՐ-ի կազմատան բաժանմունքին, ուր կը կատարուի գրադարանին հասած բոլոր գիրքերուն վերամշակումը` արհեստավարժ կերպով: Անոնք հետեւեցան այս բաժանմունքին մէջ կատարուող աշխատանքներուն եւ գիրք մը վերամշակելու ու զայն փճացումէ փրկելու ձեւերուն եւ հոլովոյթին:

ԳՈՀԱՐ գրադարանի պատասխանատուն պատասխանեց «Ապագայ լրագրողներ»-ուն հարցումներուն եւ անոնց նուիրեց ԳՈՀԱՐ համոյթի ելոյթի տի.վի.տի.ներէն օրինակներ:

Ծրագիրը պիտի շարունակուի:

Մամլոյ Առցանց Լսարաններ

«Ազդակ» մամլոյ լսարանները շարունակուեցան առցանց: Լսարանները վարեց Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժինի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան:

– «Ազդակ»-ի 54-րդ առցանց  լսարանը տեղի ունեցաւ ուրբաթ, 2 դեկտեմբեր 2022-ին: Դասախօսեց Հայաստանի ազգային գիտութիւններու ակադեմիայի պատմութեան բաժնի հայկական հարցի եւ Հայոց ցեղասպանութեան բաժնի վարիչ դոկտ. Արմէն Մարուքեան` նիւթ ունենալով եռակողմ յայտարարութեան իրաւաքաղաքական գնահատականը եւ հետեւանքները:

– 53-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ 27 հոկտեմբեր 2022-ին: Նիւթն էր` «Արեւմտահայերէնը Հայաստանի մէջ` վերջին տասնամեակին. աշխատասիրութիւններ, հրատարակութիւններ եւ ծրագիրներ»: Դասախօսեց Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի եւ հայկական գաղթավայրերու պատմութեան բաժնի եւ Հրաչեայ Աճառեանի անուան լեզուի հիմնարկի գիտաշխատող դոկտ. Անի Ֆիշենկճեան:

– 52-րդ լսարանը` 22 սեպտեմբերին նիւթ ունեցաւ «Պետրոս Պիանքինի եւ Ս. Ղազար. իտալացի «կտրիճ երաժիշտը» եւ իր սիրած «վսեմ ու երկնային եղանակները»: Դասախօսեց Փրակայի  Կարոլեան  համալսարանի երաժշտական համոյթներու երաժշտապետ փրոֆ. Հայկ Իւթիւճեան:

– 51-րդ լսարանին`11 յուլիս 2022-ին, բանախօսեց Չեխիոյ «Օրեր» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Յակոբ Ասատրեան, որ ներկաները տեղեկացուց չեխահայ համայնքի ծագման, կազմաւորման, գործունէութեան հիմնական փուլերուն եւ այլ իրագործումներուն մասին:

– 50-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 16 յունիսին, նիւթը` «Անգարա  համագործակցութիւններ եւ մրցակցութիւններ` տարբեր տարածաշրջաններու մէջ», դասախօսը` Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Իսամ Ֆարես» քաղաքագիտական կեդրոնի աշխատակից Եղիա Թաշճեան:

– 49-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, 30 մայիսին, դասախօս` միջազգային օրէնսգէտ դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան, որ դասախօսութիւնը բաժնեց հիմնական չորս ուղղութիւններու`  ի՞նչ է միջազգային օրէնքը, ի՞նչ իրաւունքներ կրնաք պահանջել,

ի՞նչ նկատի ունինք ցեղասպանութեան հետեւեանքներ ըսելով, որո՞նք են մեր հնարաւորութիւնները:

– 48-րդ առցանց լսարանը ներկայացուեցաւ 28 ապրիլին, դասախօսեց «Արմինիըն վըրչուըլ քոլեճ»-ի եւ «Սինոփսիս Արմինա»-ի հիմնադիր դոկտ. Երուանդ Զօրեան, նիւթ` «Ցանցային համակարգի մարտահրաւէրներն ու հայկական տեղեկագիտութիւնը` 21-րդ դարուն»:

– 47-րդ առցանց լսարանի նիւթն էր «Յիշում եմ եւ պահանջում» կարգախօսը եւ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակի փոխանցման մարտահրաւէրները 21-րդ դարում»: Դասախօսն էր Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Յարութիւն Մարութեան:

–  46-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ 24 մարտին: Դասախօսն էր պատմաբան դոկտ. Խաչատուր Ստեփանեան. նիւթ` «Խորհրդային Միութեան կազմաւորում եւ արդի իրողութիւններ. պատմահամեմատական վերլուծումներ»:

– 3 մարտի երեկոյեան տեղի ունեցաւ 45-րդ առցանց  լսարանը, որուն նիւթն էր «Հայ-թուրք երկխօսութեան գործընթաց. վիճելի եւ համաձայնելի կէտեր, հեռանկարներ», իսկ դասախօսը` ցեղասպանագէտ, Քոլոմպիա համալսարանի դասախօս դոկտ. Խաչիկ Մուրատեան:

– 44-րդ լսարանին նիւթն էր` «Ղազախստանը` թուրանական գարնան եւ ռուս-թրքական աքցանին մէջ», իսկ դասախօսը` Ղազախստանի մէջ Լիբանանի նախկին դեսպան Վազգէն Գավլագեան:

– 43-րդ լսարանը տեղի ունեցաւ 27 յունուար 2022-ին, դասախօսն էր Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէն դոկտ. Ռոպերթ Ղազարեան, նիւթ` «Հայոց պետականութիւնը` անցեալ, ներկայ եւ ապագայ»:

95 տարիներ առաջ, շատ աւելի դժուար պայմաններու ու կացութեան մէջ, ոչինչէն ծնունդ առած այս թերթին շարունակականութիւնը ապահովելը պարտք է բոլորիս ուսերուն դրուած, անոր առաքելութեան շարունակականութիւնը երաշխաւորելը գաղութին համար հիմնական է, որովհետեւ մամուլն ալ իր կարգին սերունդներու դաստիարակութեան ու կոփման մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի, կարեւոր է բոլոր սերունդներուն լեզուն թարմ, մտքերը կենդանի եւ շունչը ազգային պահելու համար:

Եւ կը շարունակենք` միշտ հաւատալով, որ մեր ճամբուն վրայ պիտի ըլլան մեզի միացողներ եւ մեր կողքին կանգնողներ:

(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 

 

Նախորդը

Անդրադարձ. «Նոր Պատերազմներու Վտանգ Կովկասի Մէջ – Լաւ Պարագայ Մը, Որ Միացեալ Նահանգները Զսպուածութիւն Պարտադրեն»

Յաջորդը

Քոքթել Մոլոթովով Յարձակում` Մարսէյի Մէջ Թուրքիոյ Հիւպատոսարանին Վրայ

RelatedPosts

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
Ծառը
Անդրադարձ

Յուշդ… Երբեք Չի՛ Մահանար…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?