ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Այս է խորագիրը Ուաշինկթընի Քուինսի հիմնարկի 8 դեկտեմբեր 2022-ի ծաւալուն յօդուածին (The Threat of New Wars in the Caucasus: A Good Case for U.S. Restraint), հեղինակութեամբ Եւրասիոյ բաժանմունքի տնօրէն Անաթոլ Լիվընի եւ աշխատակից Արթին Տէր Սիմոնեանի (1): «Քուինսի պատասխանատու վարչագիտութեան հիմնարկ»-ը (The Quincy Institute for Responsible Statecraft) Ուաշինկթընի մէջ հաստատուած ամերիկեան ռազմավարական խորհրդատու խմբակ մըն է, Ամերիկայի երբեմնի նախագահ Ճոն Քուինսի Ատամզի անունով (2): Անոնք ճանչցուած են իբրեւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան «իրապաշտութեան» եւ «զսպուածութեան» ջատագովներ, անտեղի պատերազմի հակառակորդներ:
Ստորեւ անգլերէնէ կ՛ամփոփեմ յօդուածին «Գործադիր ամփոփում» եւ «Եզրակացութիւն» բաժինները` զանց առնելով երկարաշունչ ու մանրամասն բաժինը, երբեմն լուսաբանութիւն (շեղակի*) եւ ընդգծում կատարելով:
1. Յօդուածին նկարը` Ռուսական ուժեր Հարաւային Օսեթիայէն կը վերադառնան: 2. Արցախի 2020-ի պատերազմը:
«Գործադիր ամփոփում.
«Ուքրանիոյ մէջ ռազմական պարտութիւններուն պատճառով ռուսական հզօրութեան անկումը կրնայ բռնութեան եւ անկայունութեան աճ պատճառել Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ»: (Թէ` Ռուսիան կը «պարտուի» խիստ անհաւանական փափաք-ենթադրութիւն է, որուն իրենք իսկ չեն հաւատար յօդուածին մէջ*): «Ատոր հետեւանքները արդէն կ՛երեւին Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բախումներու բռնկումէն, որոնք պատշաճ կերպով չսանձուեցան ռուս խաղաղապահներուն կողմէ: Այստեղ անտեսած էին, որ ազերին էր նախայարձակը` առիթէն օգտուողը եւ Ուքրանիոյ բռնապետ Զելենսքիին հնազանդողը*:
«Ուժերու կշիռի այս փոփոխութիւնը Ուաշինկթընի համար գայթակղութեան առիթ կը ստեղծէ մեծցնելու իր միջամտութիւնը տարածաշրջանին մէջ` փորձելով վերջ տալ այնտեղի ռուսական ազդեցութեան:
«Այս փորձութեան առաջքը պէտք է առնել: Միացեալ Նահանգները էական ազգային շահեր չունին շրջանին մէջ, մանաւանդ` նոր պատերազմներ պատճառելու արժանի: Հարաւային Կովկասի հակամարտութիւնները խորունկ են եւ դժուար լուծելի, անոնց արմատները Խորհրդային Միութեան փլուզումէն շատ առաջ` Խորհրդային Միութենէն իսկ առաջ սկսած են: Ռուսիան չէ, որ ատոնք ստեղծեց, եւ Ամերիկան չէ, որ կրնայ լուծել զանոնք»: Յօդուածին այս մասին մէջ մեծ սխալ գործած են, երբ 1905-ի կացութեան մասին խօսելով` Ղարաբաղը «ազերի հողերով շրջապատուած է» կ՛ըսեն, մինչ` ազերիներով, աւելի ճիշդը` թաթարներով պէտք էր ըսէին, քանի որ Ազրպէյճանը 1918-էն առաջ տակաւին գոյութիւն ունեցած չէր, որպէսզի հողեր ունենար: Երկրորդը` բոլորովին անտեսած են Խորհրդային Միութեան կողմէ Արցախը իբրեւ ինքնավար մարզ Ազրպէյճանին նուիրելը*:
Վրաստանին յաւելեալ ուժային օժանդակութիւն տալը կը վտանգէ վիճակը` քաջալերելով զայն փորձելու վերագրաւել պատերազմով կորսնցուցած իր հողերը (Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան*)` Ռուսիոյ դէմ նոր պատերազմով, որուն հետեւանքը անորոշ է ու շատ վտանգաւոր: Ազրպէյճանին յաւելեալ օժանդակութիւն տալը կը վտանգէ Հայաստանը եւ կրնայ ուժգին դժգոհութեան ալիք ստեղծել ամերիկահայ գաղութին մէջ: Փոխարէնը` Միացեալ Նահանգները պէտք է շարունակեն օգտակար դիւանագիտական դեր խաղալ, ոչ թէ` այս հակամարտութիւնները լուծելու համար, այլ` լարուածութիւնները նուազեցնելու` արգիլելով նոր բռնութեանց ժայթքումը:
Քաղաքական յանձնարարականներ
Ա.- Միացեալ Նահանգները պէտք չէ ձգտին ռուսական ազդեցութիւնը վերացնել Հարաւային Կովկասէն: Պէտք է ընդունիլ, որ իբրեւ շրջանային հզօր պետութիւն` ռուսերը կարեւոր գրաւ ունին այս տարածաշրջանին մէջ, ուստի պէտք է փորձել օգնել` մշակելու միջազգային մօտեցումներ, որոնք հաշուի կ՛առնեն այս իրողութիւնը:
Բ.- Մասնաւորապէս Պայտընի վարչակարգը պէտք չէ քաջալերէ Վրաստանը, որ վերսկսի պատերազմը` վերանուաճելու Աբխազիան եւ Հարաւային Օսեթիան:
Գ.- Եւրոպայի գործընկերներուն եւ ՄԱԿ-ին հետ Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը պէտք է շարունակէ գոյութիւն ունեցող դիւանագիտական գովելի ճիգերը` նուազեցնելու համար զանազան կողմերուն միջեւ լարուածութիւնը, պահպանելով գոյութիւն ունեցող զինադադարները»:
Կ՛արժէ նշել, որ Ուքրանիոյ միապետ Զելենսքին քանիցս կոչ ուղղեց Ազրպէյճանին եւ Վրաստանին` Ռուսիոյ դէմ պատերազմական ճակատ բանալու: Այս կոչին, որուն արդէն պէտքը չունէր, ընդառաջեց Ազրպէյճանը:
«Եզրակացութիւններ
«Հարաւային Կովկասի ազգային հակամարտութիւնները ծայր աստիճան բարդ են եւ դժուար լուծելի: Այս հակամարտութիւնները կարելի չէ պարզապէս վերագրել ռուսական ազդեցութեան հարցին, թէ` ան կը նպաստէ ուժերու անջատման եւ բախումներու: Իսկապէս, արեւմտեան դիտորդները միշտ այս իրողութեան գիտակցած են Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, հիմնականին մէջ` Արեւմուտքի հայկական սփիւռքին յանձնառութեան շնորհիւ: Չունենալով նման սփիւռքներ` աբխազներն ու օսերը կը վկայեն, որ իրենց տեսակէտներն ու շահերը ճնշող մեծամասնութեամբ անտեսուած են (Արեւմուտքին կողմէ*):
«Միացեալ Նահանգները այս հակամարտութիւններէն որեւէ մէկը լուծելու կախարդական բանաձեւ չունին: Լեռնային Ղարաբաղի պարագային, ինչպէս նկարագրուած է, Միացեալ Նահանգներուն ռազմավարութիւնը առկախուած կը մնայ Ազրպէյճանի հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելու ցանկութեան եւ Ամերիկայի Քոնկրեսին մէջ հայկական սփիւռքի ազդեցութեան միջեւ: Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ պարագային, Ամերիկայի քաղաքականութիւնը ընդհանուր առմամբ եղած է պարզապէս աջակցիլ Վրաստանին: Այս իրավիճակը կարելիութիւն կը ստեղծէ Ամերիկային` շրջանին մէջ աւելի մեծ զինուորական եւ քաղաքական միջամտութեան, որ անհերքելի կերպով խառնուած է Ռուսիան շրջանէն վտարելու օրակարգին հետ, սակայն` առանց կարողութիւնը ունենալու Ամերիկային ենթակայ շրջանային կարգավիճակ մը ստեղծելու:
«Ցարդ Վրաստանի կառավարութիւնը, տարբերուելով Ազրպէյճանէն` չէ շահագործած Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դժուարութիւնները` առիթը օգտագործելով զինուորական գործողութիւններու սկսիլ` վերագրաւելու իր կորսնցուցած հողերը: Վրաստանի կառավարութիւնը ենթակայ է «Երազ» կուսակցութեան, որուն առաջնորդը` Պիծինա Իվանիշվիլին (միլիառատէր*), Ռուսիոյ հետ կարեւոր առեւտրային-տնտեսական կապեր ունի: Նաեւ, Վրաստանը, հակառակ անոր որ ՄԱԿ-ի մէջ դատապարտեց Ուքրանիոյ վրայ Ռուսիոյ յարձակումը, սակայն Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն չմասնակցեցաւ:
«Անկասկած Վրաստանի զգուշութեան պատճառը իրենց աղէտալի պարտութիւնն էր (2008-ին), երբ վերջին անգամ այս մէկը փորձեցին: Առաւել` այն իրողութիւնը, որ հակառակ Ամերիկայի կողմէ Վրաստանը քաջալերելու հռետորութեան` գործնականօրէն ոչինչ ըրաւ օգնելու անոր: Սակայն այս զսպուածութիւնը վրացիներուն մէջ բաւական մեծ դժգոհութիւն յառաջացուց եւ ամերիկեան աւելի մեծ ներգրաւումի պահանջ ստեղծեց: Մասնաւորապէս, եթէ Ուքրանիոյ մէջ ռուսական նոր պարտութիւններ տեղի ունենան, Վրաստանի կառավարութեան համար անկարելի պիտի ըլլայ փորձ մը եւս չկատարել, իսկ եթէ շարունակէ մերժել պատերազմիլ, կրնայ ենթարկուիլ նախկին օրինակին, երբ կառավարութիւններ տապալեցան յեղաշրջումի կամ ժողովրդային ապստամբութեան միջոցով (գունաւոր յեղափոխութեամբ, որ բնաւ չէ նշուած յօդուածին մէջ, նաեւ` անոնց ամերիկեան-անգլիական ըլլալը*):
«Եթէ վրացական նման քայլ մը յաջողէր վերանուաճել այդ տարածքները, ապա, գրեթէ անկասկած, անոր հետեւանքը կ՛ըլլար, թէ՛ գաղթականներու արտահոսք եւ թէ՛ ալ Աբխազիոյ ու Հարաւային Օսեթիոյ մէջ օսերու, աբխազներու եւ ռուսերու ցեղային մաքրագործում: Ինքնին` ծանր ոճիր մը, որ պիտի վարկաբեկէ Միացեալ Նահանգները իբրեւ գործակից եւ հաստատէ աշխարհի տարածքին այն (իրաւացի*) պնդումները, որ մարդկային իրաւանց եւ ժողովրդավարութեան Ամերիկայի յանձնառութիւնը կեղծաւոր վարագոյր մըն է, որ կը քողարկէ Ամերիկայի ծաւալապաշտ վարքագիծը:
«Լուրջ վտանգը, սակայն, հաւանական է, որ ինչպէս 2008-ին, վրացական նման քայլ մը կրկին պարտութեան կը մատնուի: Թէեւ Վրաստանի զինուած ուժերը ծանրօրէն զինուած եւ տնտեսուած են Ամերիկայի եւ ՕԹԱՆ-ի կողմէ, Վրաստանի բնակչութիւնը Ուքրանիոյ բնակչութեան հազիւ մէկ տասներորդն է (այժմ` 3 միլիոնէն նուազ*), մինչ այդ Ռուսիան զօրակոչի միջոցով նոր պահեստի զինուորներ կը կուտակէ, որոնք անհրաժեշտութեան պարագային կրնայ ուղարկել դէպի Վրաստան:
«Ռազմական առումով, Ռուսիոյ համար կարելի էր 2008-ի օգոստոսին ամբողջ Վրաստանը գրաւել, սակայն Ֆրանսայի միջնորդութիւնը եւ Եւրոպայի հետ յարաբերութիւնները չխանգարելու ռուսական դիրքը ստիպեցին զայն ետ կանգնիլ: Այժմ Ռուսիոյ կողմէ Վրաստանի վրայ յաղթանակ մը Քրեմլինին հնարաւորութիւնն կու տայ` կա՛մ Արեւմուտքէն զիջումներ կորզելու ինքնազսպումի դիմաց, կա՛մ նուաստացնել Ամերիկան` ջախջախելով անոր գործընկերը: Իբրեւ այլընտրանք` այս կարելիութիւններէն որեւէ մէկը կանխելու համար Ամերիկայի վարչակարգը կրնայ գայթակղիլ եւ հակամարտութեան ուղղակիօրէն միջամտել: Ատոր հետեւանքը, սակայն, կը բերէ այն բանին, որ Պայտընի վարչակարգը ցարդ խուսափեցաւ Ուքրանիոյ մէջ` ուղղակի բախում ամերիկեան եւ ռուսական զօրքերուն միջեւ, արտասովոր վտանգաւոր հետեւանքներով:
3.- Մեծն Բրիտանիոյ արտաքին զինուորական հետախուզութեան Էմ Այ 6-ի տխրահռչակ ու դաւադիր տնօրէն, Էրտողանի եւ Ալիեւի մտերիմ բարեկամ Ռիչըրտ Մուր Երեւանի մէջ` տխրահռչակ Փաշինեանի հետ: 4.- Տխրահռչակ ամերիկացի Ճոն Պոլթըն տխրահռչակ Փաշինեանի հետ: Այս երեք անձերը թշնամիին յանձնեցին Արցախը եւ պիտի յանձնեն նաեւ Հայաստանը:
«Ո՛չ բարոյականութիւնը, ո՛չ ալ Ամերիկայի ազգային շահերը չեն արդարացներ Միացեալ Նահանգները` խրախուսելու այս արկածախնդրութիւնը: Որքա՛ն ալ դժուար ըլլայ աշխարհի վրայ Ամերիկայի գերակայութեան ջատագովներուն համար ընդունիլ այս մէկը, պատմականօրէն Միացեալ Նահանգները Կովկասի մէջ երբե՛ք կարեւոր գրաւ` կռուան չեն ունեցած: Ինչպէս տեսանք` թէ՛ Ա. Համաշխարհային պատերազմէն եւ թէ՛ ալ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք տարածաշրջանային հակամարտութիւններէն զերծ մնալով: Ո՛չ ալ Կովկասի մէջ Ռուսիոյ 30 տարուան ներկայութիւնը նշանակալից վնաս հասցուցած է Ամերիկային, կամ անոր հովանաւորած միջազգային դաշինքին` կառոյցին:
«Ուրեմն,Պայտընի վարչակարգը Կովկասի մէջ պէտք է շարունակէ այժմու խոհեմ դիւանագիտութեան քաղաքականութիւնը եւ աշխատի կանխարգիլել նոր բախումներ` խուսափելով նոր ճակատումներէ»:
—————
Թէեւ եզրակացութեան մէջ Իրանը նշուած չէ, սակայն նիւթին մէջ կը խօսուի նաեւ Իրան-Թուրքիա եւ Իրան-Ազրպէյճան հաւանական ճակատումի մասին:
2020-ի բեմադրութիւնները ահաւասիկ կը կրկնուին: 30 նոյեմբեր 2020-ին «Լեռնային Ղարաբաղ. Լոնտոնի եւ Անգարայի յաղթանակը` Սորոսին Եւ հայերուն պարտութիւնը» խորագիրով ֆրանսացի լրագրող Թիերի Մէյսսանէն (4) թարգմանած յօդուածէս կը մէջբերեմ. «Վերսկսելու համար «Մեծ խաղը», 29 յուլիս 2020-ին Ռիչըրտ Մուրը, որ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէնն էր, նշանակուեցաւ Էմ Այ 6-ի (Բրիտանիոյ արտերկրի ռազմական գաղտնի սպասարկութիւն) տնօրէն: Ան նախապէս Թուրքիոյ դեսպան եղած է, սահուն կերպով թրքերէն կը խօսի եւ բարեկամացած է նախագահ Էրտողանի հետ: Ան այս նոր պաշտօնը ստանձնեց 1 հոկտեմբեր 2020-ին, ազերիներուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի վրայ յարձակումէն չորս օր ետք:
«Ռիչըրտ Մուրը անձնական բարեկամն է գահաժառանգ իշխան Չարլզի (այժմ` թագաւոր), որ կը հովանաւորէ Օքսֆորտի իսլամական հետազօտութիւններու կեդրոնը, ուր քսանհինգ տարի վերապատրաստուած են «Իսլամ եղբայրներ» շարժումին մտաւորականները: Թուրքիոյ նախկին նախագահ Ապտիւլլա Կիւլը նաեւ այս կեդրոնին տնօրէնն է: Իբրեւ Անգարայի մէջ դեսպան (2014-2017)` Ռիչըրտ Մուր ընկերակցեցաւ նախագահ Էրտողանին, որ Եղբայրութեան հովանաւորը դառնայ»:
Յօդուածին միտք բանին այն էր, որ միշտ հակառուս եւ միշտ Թուրքիոյ դաշնակից Անգլիան էր Արցախի 44-օրեայ պատերազմը ծրագրող եւ աջակցող արեւմտեան կողմերէն գլխաւորը:
Այժմ ինչո՞ւ այս դաւերը սարքող անգլիացի մասնագէտը` Ռիչըրտ Մուր, 16 դեկտեմբեր 2022-ին Հայաստան այցելեց: Քանի որ անգլիական «Պրիթիշ Փեթրոլիում» ընկերութիւնը գլխաւոր շահարկողն է ազերի ուժանիւթին, իսկ մանաւանդ` նաեւ ոսկիի, պղինձի եւ այլ հանքերուն: Արցախի եւ Հայաստանի ոսկիի հանքերուն սիրոյն եկաւ Երեւան: Արդեօք, 2020-ին նման, ի՞նչ դաւեր հիւսեց ու հրահանգեց Հայաստանի կամակատար այս իշխանութեան… Զանգեզո՞ւրը, Մեղրի՞ն… Երկո՞ւքը…
Ըստ երեւոյթին, Իրանն է Հայաստանի շահերը պաշտպանողը` Հայաստանի դիւանագիտութեան ու հայ ազգային պետականութեան մը չգոյութեան ցաւալի պատճառով:
21 դեկտեմբեր 2022
* Լուսաբանութիւնները եւ ընդգծումները հեղինակին կողմէ:






