Յետհամավարակային փուլը թեւակոխած ենք արդէն: Որոշ զգուշաւոր կանխատեսումներով սակայն: Վարակները կրնան վերափոխուիլ, յանկարծակի վերայայտնուիլ եւ դարձեալ սահմանափակումներով աշխատակարգի վերադարձ պարտադրել: Այս առումով որոշ փորձառութիւն ամբարեց «Ազդակ»-ը, նուազագոյն աշխատակազմով, ի պահանջել հարկին հեռակայ, տպագիրի էջերը կրճատելով աշխատելու: Նոր իրավիճակներու դէմ յանդիման գտնուելու կարելիութիւնը չի բացառուիր, եւ մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք այդ բոլորին:
Համավարակի պայմաններուն մէջ նախաձեռնուած առցանց քննարկումները կը շարունակուին սակայն: Նկատեցինք, որ այս եղանակը ո՛չ միայն համախմբուելու կարելիութեան բացակայութեան պէտք է օգտագործել, այլ նաեւ դարձնել իբրեւ կայացած մեթոտ նոյն հարթակին վրայ հրաւիրելու աշխարհագրական տարբեր միջավայրերու մէջ գործող մամուլի գործիչներ, մտաւորականներ, մասնագէտներ:
Առցանց լսարաններու նիւթերը գերակշռապէս պատմաքաղաքական էին եւ հետզհետէ առաւելաբար հայրենիքին հետ առնչուած հրատապ նիւթերու վերաբերեալ: Այս տարի արեւմտահայերէնի հետ կապուած հարցերն ու մշակոյթի հետ կապուած երեւոյթները եւս ներառուեցան նիւթերու ցանկին: Նիւթերու հանդէպ ներառականութիւնը առիթ տուաւ, որ յատուկ լսարան կազմակերպուի նաեւ շարականագիտական-երաժշտագիտական նիւթերու մասին:
Առցանց լսարանի նիւթերու տարատեսակութիւնը պիտի համալրուի: Այս կ՛ենթադրէ, որ պատմաքաղաքականին եւ քաղաքականագիտականին կողքին մեր լսարանականներու խումբը եւս նոր մասնակիցներով պիտի օժտուի: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր դասախօսի շրջանակէն մասնակցողներ կը միանային «Ազդակ»-ի առցանց հարթակին, բայց մնայուն հետեւողականութեամբ մասնակցողներու թիւը կը մնար կայուն: Բազմաոլորտ եւ բազմաուղղութիւն նիւթերը ո՛չ միայն նոր դասախօսներ եւ մասնագէտներ պիտի միացնեն այս հարթակին, այլ նաեւ նոր լսարանականներ:
«Ազդակ»-ի համապատասխան եութիուպեան ալիքի այցելուն ինքզինք դէմ յանդիման պիտի գտնէ հայագիտական նիւթերու դասախօսութեան տեսագրուած շարքի մը, որ կը յատկանշուի շատ յաճախ ակադեմականութեամբ: Հետեւաբար, նաեւ օգտագործելի աղբիւրի մը, ուսումնասիրողին համար:
Նկատեցինք, որ բացի ուղիղ հետեւողներէն եւ մասնակիցներէն, հետզհետէ նոր թիւ կ՛արձանագրեն դասախօսութիւններու տեսագրութիւններուն հետեւողները: Տեսագրութիւնները ներառած են նաեւ դասախօսութեան հետեւած քննարկումները: Տակաւին չենք ձեռնարկած դասախօսութիւններու տեսագրութիւնները ընկերային ցանցերով նպատակաուղղուած տարածելու աշխատանքին:
Մեր բացթողումներուն մաս կը կազմէ երիտասարդութեան բացակայութիւնը այս հարթակէն: Հաւանաբար չենք կրցած տակաւին բռնել մասնագիտական առումով երիտասարդութեան հետաքրքրութեան բազկերակը: Ամէնէն գործնականը պիտի ըլլայ հաւանաբար երիտասարդ դասախօսներ հրաւիրելը, եւ անցնող փորձառութենէն մեկնած նախատեսել, որ երիտասարդ դասախօսը իրեն հետ պիտի բերէ նաեւ երիտասարդ մասնագիտական խումբը:
Առաջադրանքներ են ասոնք, որոնց նպատակը թերթին շուրջ համախմբուածութիւնը պահելն ու զարգացնելն է: Այդ համախմբուածութիւնը բոլոր ձեւաչափերուն կը վերաբերի: Թերթի աշխատակիցներուն, տպագիրի թէ ելեկտրոնային ընթերցողներուն, հայրենական թէ սփիւռքեան գիտական շրջանակներուն, լրագրական հմտութիւններու տիրանալու համար վարժողական ծրագիրներու մասնակիցներուն, ընկերային ցանցերու վրայ «Ազդակ»-ի նիւթերուն հետեւողներուն եւ տեսակէտ յայտնողներուն,առկայ թէ առցանց լսարաններու դասախօսներուն ու մասնակցողներուն եւ խմբագրատունը իբրեւ այս համայնքի կեդրոններէն մէկը նկատող այցելուներուն:
Դասական մամուլը վաղուց արդէն իր հիմնական գործառոյթը համալրած է ժամանակին համահունչ նոր ծրագիրներով, նոր հարթակներով, նոր նախաձեռնութիւններով: Իսկ այդ բոլորին մէջ առցանց լսարանը կարեւորագոյն հարթակ է գիտական մարդուժի համախմբման առումով:
Համավարակի պարտադրած պայմանները սակայն միայն առցանց լսարաններուն չեն վերաբերիր: Կայքի արագակշռոյթ թարմացումներն ու արագ լրահոսի յատկացուած էփլիքէյշընի նորացումը պարտադիր օրակարգ են այլեւս, ոչ միայն հեռակայ եղանակով աշխատելու, այլ նաեւ այդ հարթակները զարգացնելու համար:
Այս բոլորը չեն նշանակեր անշուշտ, որ մենք «յանձնուած» ենք տպագիրի գոյաբանական իմաստ ստացած պատերազմին մէջ: Պէտք չկայ համոզելու, թէ ի՛նչ տեսակի զոհողութիւն կ՛ենթադրէ այսօր ամէն օր տպագիր օրաթերթ հրատարակելը: Այս սկզբունքը իրականութիւն դառնալուն մէջ կարեւոր է դերը ընթերցողներուն, բաժանորդներուն, նուիրատու անհատներուն թէ «Ազդակ»-ի ընթերցողներու շրջանակ ունեցող մեր կազմակերպական շրջաններուն, որոնք տարբեր տեսակի առիթներու չեն զլանար իրենց աջակցութիւնը: Անոնք կ՛աջակցին «Ազդակ»-ին յանձնարարուած ուղեգիծի անշեղ երթին: Երթ, որուն հիմնական երաշխաւորը, գաղափարական պահակն ու ամէն տեսակի փոթորիկներու ընթացքին չյանձնուելու համար համապատասխան միջոցները տրամադրողը ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն է:
Այս բոլոր հանգամանքները նկատի ունենալով` պարզապէս նահանջելու իրաւունք չունինք. այլ պարտաւորութիւնը` նշաձողի աստիճանը բարձրացնելու:


