Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան մամլոյ ասուլիսի ընթացքին անդրադարձած է Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի յայտարարութեան, թէ Հայաստանի վրայ ճնշումներ կը գործադրուին` ստիպելու համար, որ ան Ռուսիա-Պիելոռուսիա միութենական պետութեան միանայ:
«Որո՞ւ կը վկայակոչեն այդ մարդիկը, երբ կ՛ըսեն, թէ իրենց կը պարտադրեն, ի՞նչ փաստերու յղում կ՛ընեն, ինչպէ՞ս եղած է հարկադրանքը: Արդեօք այս հարկադրանքը ընկերական մթնոլորտի՞ մէջ կատարուած է, գաւաթ մը կարմիր գինիի՞ շուրջ, թէ՞ բիրտ հարկադրանք եղած է: Պէտք է հասկնալ, թէ ատիկա ինչպէ՛ս եղած է, թէ պարզապէս մարդ մը ոտքի կանգնած է ու ըսած.«Գիտեմ, որ ստիպած են, սակայն չեմ յիշեր` որո՛ւ, եւ չեմ յիշեր` ինչպէ՛ս»: Մեզի փաստեր պէտք են», ըսած է Զախարովան:
Ան նշած է, որ եթէ նման յայտարարութիւնները կը կատարուին առանց փաստեր ներկայացնելու, եւ նոյն ժամանակ կը նշեն յստակ երկիրը, ապա ատիկա պէտք է հիմնաւորուի փաստերով:
Զախարովա նաեւ հերքած է այն պնդումները, թէ Մոսկուան կը ստիպէ Ազրպէյճանին տրամադրել միջանցք, որ Հայաստանի վերահսկողութենէն դուրս պիտի ըլլայ: «Ատիկա կեղծ տեղեկութիւն է, այդ մասին եւս մենք բազմիցս յայտարարած ենք», ըսած է Զախարովա` մէջբերելով Հայաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ռուսիոյ ղեկավարներու անցեալ տարուան յայտարարութիւնը, որուն համաձայն` «հաղորդակցութեան եւ փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ յանձնախումբին մէջ կը քննարկուին տարբեր ճամբաներ, ներառեալ Հայաստանի հարաւը երկաթուղիի վերականգնման վերաբերող հարցեր: Այդ աշխատանքի սկզբունքներէն մէկը, որ ո՛չ Երեւանի, ո՛չ Պաքուի կողմէ կը վիճարկուի, կը նշէ, որ այդ երկաթուղիի գերիշխանութիւնը կը պատկանի այն կողմին, որուն տարածքով ան կ՛անցնի»:
Անդրադառնալով Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահներու հասցէին Երեւանէն հնչող մեղադրանքներուն` Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը հակադարձած է. «Ոեւէ մէկը պատասխանատու կերպով կրնա՞յ ըսել` առանց ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան աւելի լա՞ւ պիտի ըլլար: Նման յայտարարութիւններ ընելը կը նշանակէ չհասկնալ գետնի վրայ տիրող կացութիւնը»: