Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դաշնակցական Ինքնուրոյն Դպրոցի Մը Ամէնէն Տիրական Դէմքը (Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)

Դեկտեմբեր 29, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Ձախէն աջ` Գարեգին Թուլումեան, Մելիք Սարհատեան, Կարօ Սասունի, Աբօ Աշճեան, Սարհատ Սարհատեան

40 տարին երկար ժամանակ չէ պատմութեան մէջ: Ժողովուրդի մը կոտտացող վէրքը այդ միջոցին կրնայ մեղմանալ, բայց երբեք` սպիանալ, մանաւանդ երբ այդ վէրքին պատասխանատուն մնայուն թշնամին է, որ ծանօթ է մութին մէջ դաւելու իր պատմական արհեստավարժութեամբ:

40 տարի առաջ, 29 դեկտեմբերին, Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի երկար տարիներու անդամ, շրջանի ապահովական գործին եւ ընդհանրապէս դաշնակցական ընտանիքի մարտական կառոյցի ամէնէն փորձառու ներկայացուցիչներէն ընկ. Աբօ Աշճեան թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ առեւանգուեցաւ եւ վատօրէ՛ն սպաննուեցաւ անծանօթ պայմաններու մէջ:

Օրին բոլոր փնտռտուքները, քննութիւններն ու նշանները ցոյց տուին, որ պատասխանատու ընկերոջ դէմ գործուած անարգ ոճիրին հեղինակը թո՛ւրքն էր, թուրք պետական իշխանութիւննե՛րն էին` իրենց գաղտնի սպասարկութիւններուն միջոցով:

Ընկ. Աբօ Աշճեանի առեւանգումը կատարուեցաւ 29 դեկտեմբեր 1982-ի առաւօտեան կանուխ ժամերուն, երբ ան Էշրեֆիէի իր բնակարանէն կ՛ուղղուէրՊուրճ Համուտի գործատեղին:

Դաշնակցական եզակի սերունդի մը ընտրեալ ներկայացուցիչներէն էր ընկ. Աբօ, որ հասակ առած էր մրրկածին Դրոյի շունչին տակ: Ան անցած էր դաշնակցական մարտական կառոյցի դժուարին քննութիւններէն եւ ինքզինք ամբողջութեամբ նուիրած էր զինք ծնած ժողովուրդին եւ անոր արդար դատին:

Ընկ. Աբօ գործեց բեմերէ եւ լուսարձակներէ հեռու: Ան եղաւ լուռ անձնուիրութեան եւ իր ժողովուրդի արթուն պահակի առաքելութեան կոչուած հաւատաւոր մը, որուն կեանքը եղաւ անդադար եւ անվեհեր վազք: Իր ժամանակակիցներուն իսկ վկայութեամբ, ընկ. Աբօ իր լռութեան մէջ խտացուց մարտիկի մը ուժականութիւնը, իր համեստութեան մէջ` գաղափարական մարդու վայել հպարտութիւնը:

«Հերոսացած անմահ ընկեր»-ը մարմնաւորեց արդարադատ բազուկը 1970-ական տարիներու երկրորդ կիսուն ծաւալած Հայ դատի ուժական պայքարին:

Մեծ եղաւ ընկ. Աբոյին ներդրումը Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդները սփիւռքահայ երիտասարդութեան մտքին ու հոգիին մէջ վերանորոգելու իմաստով:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն, ընկ. Աբօ մեծ հաւատքով եւ նուիրումով ծառացաւ հայութեան ֆիզիքական ապահովութեան սպառնացող վտանգներուն դէմ` իր ժողովուրդին աչքերուն առջեւ անգամ մը եւս վերականգնելով պարզութեամբ, առնականութեամբ, գաղտնապահութեամբ եւ կատարեալ կարգապահութեամբ յատկանշուող դաշնակցականի բարոյական շքեղ տիպարը:

Այն օրերուն, երբ Դաշնակցութիւնը ստանձնած էր Պուրճ Համուտի ինքնապաշտպանութեան դիրքերուն արթուն պահակի հսկողութիւնը եւ գաղութին ազգային կառոյցներուն ու կազմակերպ հիմերուն պաշտպանութիւնը, ընկ. Աբօ յարատեւօրէն մնաց պատնէշի վրայ` աներեր եւ անսայթաք իր ստանձնած պատասխանատուութիւններուն մէջ: Ան եղաւ եւ մնաց իր ընկերներուն թափ ու կորով ներշնչող խրախուսիչ ուժը, որուն բնութագրումը կատարելու համար գործակիցները չվարանեցան յայտարարելու, որ` «Ան ոգին էր Պուրճ Համուտի 1976-ի ինքնապաշտպանութեան: Ընկեր Աբոն ուր որ ըլլար, կարծէք հոն բանակ մը կ՛ըլլար: Տղաքը սիրտ կ՛առնէին իր ներկայութենէն: Ան վստահութիւն եւ քաջութիւն կը ներշնչէր բոլորին, իր բացակայութեան կը բաւէր, որ մէկը իր կարծիքը վկայակոչէր, ամէն հարց կը լուծուէր: Եթէ ընկեր Աբոն ըսէր այս  այսպէ՛ս պիտի ըլլայ, ուրեմն` վերջ, երկմտանք չէր կրնար ըլլալ այլեւս»:

Ընկ. Աբօ Աշճեան ընտրեց մահը ճակատէ՛ն դիմագրաւելու ճամբան, որովհետեւ իր երակներուն մէջ կը հոսէր հարազատ ժողովուրդի հերոսական ակունքներէն բխող խիզախութիւն մը:

Ընկ. Աբոյի առեւանգումով դաշնակցական ինքնուրոյն դպրոցի մը ամէնէն տիրական դէմքը ընդմիշտ հեռացուեցաւ հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարէն:

Յիշատակդ անմեռ, ընկե՛ր Աբօ:
Երթդ կը շարունակուի:

 

 

Նախորդը

Մօտ Օրէն` «Ազդակ»-ի Նոր Տարուան Բացառիկը

Յաջորդը

Աբրահամ Աշճեանի Ուղիով (Առեւանգման 40-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?