Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սպիտակ Տուն. «Սալիվըն Կոչ Ուղղած Է Ամբողջովին Վերականգնելու Լաչինի Միջանցքով Ազատ Տեղաշարժը»

December 24, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվըն 22 դեկտեմբերին Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւի հետ առանձին հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու ընթացքին Պաքուն եւ Երեւանը յորդորած է քննարկել քայլեր, որոնք պիտի թուլացնեն երկկողմանի լարուածութիւնը եւ հիմք դնեն բարի դրացիական յարաբերութիւններու համար: Այս մասին կը հաղորդէ Սպիտակ տունը:

«Զրոյցներու ընթացքին անոնք գնահատեցին յառաջընթացը 27 սեպտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած իրենց միացեալ հանդիպումէն ետք Եւրոպական Միութեան եւ Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կատարուող խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ: Բոլորը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը բանակցութիւններուն նկատմամբ` խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու նպատակով», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Ըստ Սպիտակ տան հաղորդագրութեան, Սալիվըն նշած է Միացեալ Նահանգներու պահպանուող մտահոգութիւնը Լաչինի միջանցք մուտքի խոչընդոտման եւ այդ կացութեան ահագնացող մարդասիրական հետեւանքներու կապակցութեամբ ու կոչ ուղղած ամբողջովին վերականգնելու միջանցքով ազատ տեղաշարժը:

«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը տեղեկացնէ, որ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Սալիվըն եւ Հաճիեւ քննարկած են շրջանին մէջ ընթացող հոլովոյթները, ներառեալ Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններու ընթացքը:

«Ես յայտարարած եմ, որ Ազրպէյճանը վճռական է շրջանային խաղաղութեան օրակարգը յառաջ մղելու հարցին մէջ», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է Հաճիեւ:

Նախորդը

Փաշազատէ Պատասխանած Է Ֆրանչիսկոս Պապին` Կրկնելով Պաքուի Տեսակէտը

Յաջորդը

Պատասխանելով Փաշինեանի` «Մեր Խաղաղապահներուն Նկատմամբ Նման Վերաբերմունք Չ՛ընդունուիր» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն  Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու`  Մարդասիրական Առաքելութեամբ
Գլխաւոր լուրեր

Լիլիթ Գալստեան Պատրաստակամութիւն Կը Յայտնէ Անձամբ Մեկնելու Պաքու` Մարդասիրական Առաքելութեամբ

October 5, 2026
Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու  Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի  Գերագոյն Դատարան
Գլխաւոր լուրեր

Ըստ Դաւիթ Բաբայեանի` Երեք Հայ Գերիներու Փաստաբանները Դիմած Են Ազրպէյճանի Գերագոյն Դատարան

October 5, 2026
Ստեղծուած Է Ազգային  Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ`  Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը  Ուսումնասիրելու
Հայկական

Ստեղծուած Է Ազգային Ժողովի Քննիչ Յանձնախումբ` Եկեղեցւոյ Վերաբերող Իրավիճակը Ուսումնասիրելու

October 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.