Մինչ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ լարուածութիւնը կը շարունակուի, Անգարայի կողմէ Միացեալ Նահանգներէն «ԷՖ-16»-ներու եւ արդիական սարքաւորումներու գնման վերաբերեալ յայտարարութիւն կատարած է Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պապ Մենենտեզ: «Արմէնփրես» կը տեղեկացնէ, որ այս մասին կը հաղորդէ «Քիւրտիսթան24»-ը:
Ան անդրադարձած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 11 դեկտեմբերի յայտարարութեան, որուն մէջ ան ըսած էր. «Եթէ Աթէնքը հանգիստ չմնայ, մենք պիտի հարուածենք»: Ծերակոյտին մէջ խօսք արտասանելով Մենենտեզ Էրտողանի յայտարարութիւններուն մասին ըսած է. «Ատիկա ո՛չ միայն մտահոգիչ է, այլ նաեւ անընդունելի»:
Մենենտեզ իր խօսքի ընթացքին ցոյց տուած է Էրտողանի` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ լուսանկարը` ըսելով. «Բացի Էրտողանի` իր երկիրին մէջ գործադրած ճնշումներէն, անոր դիւանագիտական քաղաքականութիւնը նոյնպէս բացարձակապէս սարսափելի է: Եթէ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման դէմ կանգնիլը զիս կը դարձնէ Էրտողանի թշնամին, եթէ խաղաղ հայ բնակչութիւնը սպաննելու համար Ազրպէյճանին զէնքով աջակցութեան դէմ ըլլալը զիս կը դարձնէ Էրտողանի թշնամին, ըսելը, թէ պէտք է ճանչնայ Հարաւային Կիպրոսը եւ յարգէ Յունաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը զիս կը դարձնէ Էրտողանի թշնամին, ապա ես հպարտութեամբ պիտի կրեմ այդ կոչումը», աւելցուցած է ան:
«Իբրեւ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ` ես պիտի չհաստատեմ «ԷՖ-16»-ներու վաճառքը, քանի տակաւին Էրտողանը չէ դադրեցուցած ամբողջ շրջանին մէջ իր յարձակողական պահուածքը», ըսած է Մենենտեզ:


