Արցախը պաշտպանելու, այս իրավիճակէն դուրս գալու ելքեր ստեղծելու համար «մենք կ՛աշխատինք ե՛ւ ՄԱԿ-ի, ե՛ւ Ֆրանսայի, ե՛ւ Միացեալ Նահանգներու, ե՛ւ Ռուսիոյ հետ», Ասկերանի մէջ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան:
«Մեր ամէնէն կարեւոր նպատակին հասնելու` Արցախը պահպանելու ու զարգացնելու համար պէտք է օգտագործենք բոլոր միջոցներն ու գործիքները», նշած է ան:
Արցախը հայկական պահելը ամբողջ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան հարցն է, աւելցուցած է Ռուբէն Վարդանեան:
Յայտնենք, որ երէկ արդէն ութերորդ օրն ըլլալով Ազրպէյճանը փակ պահած էր Լաչինի միջանցքը, որ Արցախը Հայաստանին ու աշխարհին կապող միակ ճանապարհն է: Ըստ Ստեփանակերտի տուեալներուն, 1100 քաղաքացիներ, որոնցմէ 270-ը` անչափահաս, տուն վերադառնալու կարելիութիւն չունին: