ՄԱՀԱԶԴ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը գուժեն պլոքի հաւատաւոր անդամ, նախկին նախարար եւ երեսփոխան
ՄԵԹՐ ԺԱՔ ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը խոր ցաւով կը գուժէ իր նախկին անդամին`
ՄԵԹՐ ԺԱՔ ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին, Պէյրութի մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Էլի եւ Ռիթա Հարունի եւ զաւակը` տոքթ. Ռայեան
Տիար Փոլ Չուխատարեան եւ դստերք` Նիքոլ եւ Միքայելլա
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Մարինա Չուխատարեան եւ զաւակները` Միրէյ, Տանիէլ, Անապէլ եւ Անտրէ-Ժաք
Տէր եւ տիկին մեթր Սերժ եւ Մարօ Չուխատարեան եւ զաւակը` Ժաք
Չուխատարեան եւ Քարամ ընտանիքներ
Հարունի եւ Աւագեան ընտանիքներ
Գրիգորեան եւ Ղապրօ ընտանիքներ
Տելիֆերեան եւ Ահմարանեան ընտանիքներ
Ղըրրա եւ Քոլենզ ընտանիքներ
Մհաննա եւ Սամրա ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց հօր, մեծ հօր եւ հարազատին`
ԺԱՔ (ՅԱԿՈԲ) ՉՈՒԽԱՏԱՐԵԱՆԻ
(Նախկին երեսփոխան եւ նախարար)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի շաբաթ, 17 դեկտեմբերին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Սուրբ Եղիա-Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Տըպպաս հրապարակ, Պէյրութ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի ընտանեկան գերեզմանատունը Շեւրոլէ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ կէսօրուան ժամը 12:00, ինչպէս նաեւ կիրակի, 18 դեկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ս. Եղիա-Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը, թաղական խորհուրդը, տիկնանց յանձնախումբը եւ դպրաց դասը կը գուժեն թաղական խորհուրդի անդամին
ՍԱՐԳԻՍ ՊԵՐՂՈՒՏԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին:
—————————————
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Ռիթա Թոքաճեան-Պերղուտեան
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Ալինա Տարագճեան եւ զաւակունք (Քանատա)
Տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Քրիսթին Չիլինկիրեան (Քանատա)
Տիկին Հռիփսիմէ Չափրազեան եւ զաւակունք (Միացեալ Նահանգներ)
Տիկին Շաքէ Նալպանտեան
Տիկին Աղաւնի Պետրեան (Աւստրալիա)
Պերղուտեան եւ Թոքաճեան ընտանիքներ
Տարագճեան եւ Չիլինկիրեան ընտանիքներ
Չափրազեան եւ Նալպանտեան ընտանիքներ
Քիլիսեան եւ Ապտօ ընտանիքներ
Քիւրքճեան եւ Չարփուտեան ընտանիքներ
Պարտագճեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, աներոջ, մեծ հօր, եղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՍԱՐԳԻՍ ՆԵՐՍԷՍ ՊԵՐՂՈՒՏԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Հալէպ, 1946-ին) (CLARION)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 15 դեկտեմբեր 2022-ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` ուրբաթ, 16 դեկտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին թաղման արարողութենէն առաջ եւ վերջ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղականութեան գրասենեակին մէջ, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00:
—————————————
ՆԱԽԱՏՕՆԱԿ ՍՈՒՐԲ ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կ՛ուզենք յայտնել, որ ուրբաթ, 16 դեկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, կաթողիկոսանիստ մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու եւ դպրեվանքի աշակերտներու, տեղի պիտի ունենայ Սուրբ Յակոբ Մծբնայ հայրապետին, Մարուգէ ճգնաւորին եւ Մելիտոս եպիսկոպոսին նուիրուած նախատօնակ`
նախագահութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ
Նախատօնակի աւարտին պիտի կատարուի հանդիսաւոր անդաստան` Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին Աջով, որ մայր տաճարին մէջ պիտի մնայ մինչեւ գիշերուան ժամը 10:00:
Կը հրաւիրենք մեր ժողովուրդի զաւակները` ստանալու սուրբին օրհնութիւնը եւ գօտեպնդուելու անոր լոյս հաւատքով:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
(ԷՇՐԵՖԻԷ)
ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
Մեր` տարիներու եկեղեցական աւանդութեանց համաձայն, այս տարի եւս Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետի անուանակոչութիւնը եւ եկեղեցւոյս անուան տօնախմբութիւնը տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 17 եւ կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2022-ին:
Այս առիթով, հակառակ երկրին մէջ տիրող տագնապալի վիճակին եւ տնտեսական դժուարութեանց, մենք պիտի ջանանք կատարել կրօնական սրբազան արարողութիւնները եւ նաեւ պատրաստել մեր աւանդական հերիսան:
Առ այդ, կոչ կ՛ուղղենք մեր սիրեցեալ հայորդիներուն, որ եթէ կը փափաքին ուխտի կամ իրենց ննջեցեալներու յիշատակին համար մատաղցու ոչխար ընծայաբերել, թող բարեհաճին կապ պահել եկեղեցւոյս թաղական խորհուրդի եւ եկեղեցասէր տիկնանց յանձնախումբի անդամ-անդամուհիներուն հետ կամ հետեւեալ հեռաձայնի թիւերուն. 01-266414, 03-891434, 70-058728, 01-449926:
Աստուած ձեր ուխտը ի կատար ածէ:
Ս. Յակոբը բարեխօս ըլլայ ձեզի:
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՀՈՎԻՒ
ԵՒ ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
—————————————
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑԻ
Էշրեֆիէ
Ս. ՅԱԿՈԲ ՄԾԲՆԱՑԻ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ ԵՒ
Ս. ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ
Ի գիտութիւն մեր բարեպաշտ հայորդիներուն կը ծանուցենք, որ յառաջիկայ շաբաթ, 17 դեկտեմբերին եւ կիրակի 18 դեկտեմբերին, վերոյիշեալ զոյգ տօներուն առիթով պիտի կատարուին սրբազան արարողութիւններ, նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ`
ԳԵՐՇ. Տ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Առաջնորդ Լիբանանի հայոց թեմին
Շաբաթ, 17 դեկտեմբեր 2022
– Աղօրհնէք եւ ոչխարներու զենում` ժամը 8:00-ին:
– Երեկոյեան ժամերգութիւն` ժամը 6:30-ին:
Կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2022
– Առաւօտեան ժամերգութիւն` ժամը 8:30-ին:
– Սրբազան հօր ժամանման դիմաւորում ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբի առաջնորդութեամբ ժամը 9:15-ին:
– Ս. եւ անմահ պատարագ ժամը 9:30-ին:
Իր երեսնամեայ ծառայութեան աւարտին հրաժեշտի Ս. պատարագ պիտի մատուցէ եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ
ԱՐԺ. Տ. ՄԵՍՐՈՊ ԱՒԱԳ ՔՀՆՅ. ՔԷՐՔԷԶԵԱՆ
– Քարոզ` ժամը 11:00-ին
– Պատարագի աւարտին հոգեհանգիստ` եկեղեցւոյս ննջեցեալ հին եւ նոր բարերարներու հոգւոց եւ մատաղօրհնէք:
Սիրով կը հրաւիրենք մեր բոլոր հայորդիները` մասնակից դառնալու սրբազան արարողութեանց, խնդրելով Ս. Յակոբ հայրապետի բարեխօսութիւնը:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՅԱԿՈԲ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
—————————————
ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ
ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՃՐՃԵԱՆի (մահացած` 29 նոյեմբեր 2022-ին, Լոս Անճելըս) յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 18 դեկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
—————————————
REQUIRE
Needed an Executive secretary, dynamic, with experience in preparing quotations and correspondence. The candidate should be fluent in English with Microsoft Office knowledge. E-mail CV to v-leb@hotmail.com.
—————————————
ՄՆԱՅՈՒՆ ՏՆՏԵՍ-ՊԱՀԱԿԻ ԿԱՐԻՔ
Քաղաքի Հայ աւետարանական քոլեճը (Հայկազեան համալսարանին կից) կարիքը ունի դպրոցին մէջ բնակող տնտեսի: Բնակութեան բոլոր պայմանները ապահովուած են:
Հետաքրքրուողները կրնան հեռաձայնել 01-349816 թիւին` ամէն օր ժամը 8:00-էն 2:30, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն:

