Երէկ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն տեղի ունեցած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ վարչապետի աշխատակազմը կը հաղորդէ, որ Փաշինեանն ու Փութինը քննարկած են Լաչինի միջանցքին մէջ ստեղծուած կացութեան հանգուցալուծման վերաբերող հարցեր:
«Վարչապետը կարեւոր նկատած է Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ անխափան կապի ապահովումն ու այդ ուղղութեամբ ռուսական խաղաղապահ առաքելութեան կողմէ հետեւողական քայլերու իրականացումը», նշուած է հայկական կողմի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
Ռուսիոյ նախագահի աշխատակազմին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, «զարգացնելով 9 դեկտեմբերին Պիշքեքի մէջ, Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստի ծիրին մէջ կայացած զրոյցը` կողմերը շարունակած են քննարկել Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներու հիմնարար համաձայնութիւններու կատարման վերաբերող հարցերը»:
«Յատուկ ուշադրութիւն դարձուած է հայ-ազրպէյճանական սահմանի անվտանգութեան ապահովման, ինչպէս նաեւ այն նախագիծերուն, որոնք կը վերաբերին Անդրկովկասի մէջ փոխադրամիջոցային-գումակային եւ առեւտրատնտեսական կապերու վերականգնումին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ: