Եւրոպական Միութիւնը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի հետ եւ կ՛ուզէ շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հասնիլ: Այս մասին Պոլսոյ մէջ «Թէ.Ռէ.Թէ. Ուորլտ Ֆորում»-ի քննարկման ժամանակ ըսած է Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար:
Անոր համաձայն, հակառակ անոր որ այժմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու կարելիութիւն կայ, այսուհանդերձ 30-ամեայ տագնապին պատճառով կողմերուն միջեւ վստահութիւնը վերացած է, եւ զայն կառուցելու համար ժամանակ կը պահանջուի:
«Կը կարծեմ, որ Եւրոպական Միութիւնը լայնօրէն եւ աշխուժօրէն կ՛աշխատի կողմերուն միջեւ վստահութիւն ստեղծելու համար», ըսած է Եւրոպական Միութեան պաշտօնատարը:


