Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Ահա մէկ շաբաթէ, որ ամբողջ աշխարհը կ՛ապրի ֆութպոլի ախոյեանութեան խաղերու կշռոյթով: Ասիկա պիտի շարունակուի մինչեւ 18 դեկտեմբեր, երբ պիտի ճշդուի եւ յայտարարուի յառաջիկայ չորս տարիներուն ախոյեանի տիտղոսը կրող խումբին անունը: Չորս տարին անգամ պատահած այս համաշխարհային դէպքին միլիառաւոր անձեր կը հետեւին պատկերասփիւռին միջոցով: Սակայն ո՞վ մտայղացած է Աշխարհի ախոյեանութիւնը, եւ երբէն ի վեր անիկա կը կազմակերպուի:
***
Ֆութպոլի առաջին աշխարհի ախոյեանութիւնը (Մոնտիալ) տեղի ունեցաւ 1930 թուականին: Այդ առաջին մրցաշարքին մասնակցեցան իրենց երկիրները ներկայացնող աշխարհի չորս կողմերէն 13 խումբեր: Առաջին կազմակերպիչ երկիրը եղաւ Ուրուկուէյը, որ նաեւ յաղթեց այդ առաջին ախոյեանութիւնը:
Սակայն, ո՞վ հնարեց աշխարհի ախոյեանութիւնը: Ֆութպոլի ֆրանսական ֆետերասիոնի նախագահը` Ժիւլ Ռիմէ, տասը տարի աշխատեցաւ իր այդ գաղափարը իրականացնելու համար: Այդ թուականէն ի վեր, այս ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ չորս տարին անգամ մը:
Ախոյեանութիւնը տեղի չունեցաւ 1942 եւ 1946 թուականներուն: Այս երկու համաշխարհային ժամադրութիւնները ջնջուեցաւ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմին պատճառով: Այդ առաջին մրցաշարքէն ի վեր, մասնակցող խումբերուն թիւը աւելցաւ: 1930-ի ախոյեանութեան 13 խումբերէն մենք 2022-ին հասանք 32 խումբի: Իսկ 1991 թուականէն ի վեր գոյութիւն ունի նաեւ իգական խումբերու ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, որ միշտ մեծ թիւով հանդիսատեսներ կը գրաւէ:
Արական խումբերու Աշխարհի ախոյեանութեան գլխաւոր յաղթական խումբերէն են` Պրազիլը, Գերմանիան եւ Իտալիան: Ամէն չորս տարին նոր երկիր մըն է, որ կը ստանձնէ ախոյեանութեան կազմակերպութիւնը: Նման մրցաշարք մը նիւթական մեծ շահեր կ՛ապահովէ: Ան համաշխարհային իրադարձութիւն մըն է, որուն կը հետեւի աշխարհի ընդհանուր բնակչութեան գրեթէ կէսը:
Մարզական Մեծ Իրադարձութիւններու
Իսկական Հերոսները
Ո՛չ, անոնք մարզիկները չեն: Այլ` մասքոթները, այդ փոքրիկ կերպարները, որոնք կրնան տեսակաւոր ձեւեր, գոյներ եւ չափեր ունենալ:
***
Մասքոթը պզտիկ կերպար մըն է, որ կը ներկայացնէ վաճառանիշ մը, իրադարձութիւն մը կամ ապրանք մը: Անիկա յաճախ զանոնք ստեղծողներուն համար բազմաթիւ նշանակութիւններ կ՛ունենան, որովհետեւ անոնք կը փորձեն իրենց աշխատանքին ընդմէջէն պատգամ մը հասցնել: Վստահաբար քեզի ծանօթ են խնդացող կարմիր կովը, անդադար շարժող վարդագոյն նապաստակը, կամ նոյնիսկ` պզտիկ գոյնզգոյն կլոր կերպարները…
Աս կերպարներուն նախասիրած մարզը Ողիմպիական խաղերն են: Անասուններ, ձիւնեմարդ, տարօրինակ ձեւեր… Այս մասքոթները կրնան որեւէ կերպարանք ստանալ:
Առաջին մասքոթը ծնած է 1932-ին, Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըսի Ողիմպիական խաղերուն համար: Անոր անունը «Սմոքի» էր… եւ ան կենդանի էր: Այս փոքրիկ շնիկը իր կռնակին վրայ կը կրէր Ողիմպիական խաղերուն լոկոն կրող երիզ մը: Բոլոր մասքոթներուն նման` ան համակրանք, թեթեւութիւն եւ ժպիտ կը յառաջացնէր մարդոց մօտ:
1968-ին, Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը գտնուող Կըրընոպլի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերուն ընթացքին է, որ կը յայտնուի առաջին վիրթուըլ, ոչ իսկական կերպար մասքոթը: Անոր անունը Շուսս էր եւ կը ներկայացնէր դահոյկներու վրայ փոքրիկ մարդուկ մը: Այս ժպտուն կերպարը իր մեծ գլխուն վրայ կը կրէր Ողիմպիական շրջանակները:
«Աշխարհի Ամէնէն Արագ… Կօշիկները»
Միացեալ Նահանգներու մէջ մարդամեքենաներ շինող հաստատութիւն մը հնարած է «աշխարհի ամէնէն արագ կօշիկները»: Անոնք անուանուած են «Մունուաքըրզ», անոնք կը նմանին կօշիկի տակ հաստատուող ռոլլըրներու: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը օժտուած է փոքրիկ մեքենայով մը եւ 8 անիւներով: Յառաջանալու համար պէտք է պարզապէս քալել, եւ մեքենան շարժումը կ՛արագացնէ: Կարծէք կը յառաջանաք թռչող գորգով մը, որուն արագութիւնը կրնայ հասնիլ ժամական… 11 քմ.ի
Այս «խելացի» կօշիկները կարելի է յարմարեցնել. որքան արագ քալենք, այնքան անոնք կ՛արագանան, իսկ եթէ ուզենք դադար մը առնել, կամ աստիճանները ելլել, անիւները կ՛անշարժանան: Սակայն այս կօշիկները վայելելու համար պէտք է սպասել մինչեւ գարուն, եւ յատկապէս դրամ խնայել, որովհետեւ անոնց գինը 1399 տոլար ճշդուած է:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 12 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել տախտակը` վարի պատասխանները գտնելով: