Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռուս-Ամերիկեան Գործա՞րք

Նոյեմբեր 22, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Ռուսական «Կազփրոմ» ընկերութիւնը 19 Նոյեմբերին յայտարարեց.«Ռուսիան յառաջիկայ ձմռան շուրջ մէկ միլիառ խորանարդ բնական կազ պիտի առաքէ Ատրպէյճան»՝ հաղորդելով, որ Ատրպէյճանի պետական քարիւղի ընկերութեան՝ ՍՈՔԱՐ-ի հետ համապատասխան պայմանագիրը կնքուած է 15 Նոյեմբերին։

17 Նոյեմբերին, տեղի ունեցած էր Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իլհամ Ալիեւի հեռաձայնային զրոյցը։ Ալիեւ, մէկ օր ետք, Ռուսիոյ վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի հետ Պաքուի մէջ իր հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց.«Երէկ մենք Փութինի հետ կարեւոր հարցեր քննարկած ենք»։ «Կարեւոր հարցեր» ըսելով ան հաւանաբար կ’ակնարկէր բնական կազի առաքման շուրջ համաձայնութեան, որովհետեւ ինչպէս ինք նշեց.«Երկկողմ յարաբերութիւններու ամբողջ պատկերն ու շարժումը կ’որոշուին նախագահներու կողմէ»։

Զարգացումը ուշագրաւ էր, նկատի ունենալով, որ Ատրպէյճանի նախագահը արդէն 18 Յուլիսին Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լայենի հետ ուժանիւթի ոլորտի մէջ ռազմավարական գործընկերութեան վերաբերեալ փոխադարձ հասկացողութեան արձանագրութիւն մը ստորագրած էր, իսկ վերջինս Ատրպէյճանը նկատած էր «հաւաստի ու վստահելի գործընկեր մը»։ «Դուք իրապէս մեզի համար ուժանիւթի ոլորտին մէջ կենսական գործընկեր մըն էք, եւ միշտ վստահելի եղած էք»՝ աւելցնելով, որ ստորագրուած փաստաթուղթը «մեր ուժանիւթային գործընկերութիւնը առաւել եւս ուժեղ կը դարձնէ»։

Առաջին հայեացքով անհամատեղելի ու զարմանալի եղող այս երկու իրողութիւնները աւելի հասկնալի կը դառնան, երբ նկատի ունենանք 14 Նոյեմբերին Անգարայի մէջ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուլիըմ Պըռնզի եւ Ռուսիոյ արտաքին հետախուզութեան ծառայութեան պետ Սերկէյ Նարիշքինի հանդիպումը։

Միացեալ Նահանգերու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդէն բանբեր մը օրին «Սի.Էն.Էն.»-ի յայտնած էր, թէ Անգարայի մէջ ռուս-ամերիկեան բանակցութիւնները մաս կը կազմեն ամերիկեան կողմին Ռուսիոյ հետ «վտանգներու կառավարման, մասնաւորաբար հիւլէական ռիսքին եւ ռազմավարական կայունութեան ռիսքերու կառավարման» ջանքին։

Նշեալ բանբերը թէեւ հանրութիւնը ապակողմնորոշելու համար ընդգծեց, որ Պըռնզ իր ռուս պաշտօնակիցին հետ «որեւէ տեսակի բանակցութիւն չի վարեր», սակայն «Կազփրոմ»-ՍՈՔԱՐ՝ իմա Փութին-Ալիեւ համաձայնութիւնն ու Պաքու-Պրիւքսէլ համաձայնութիւնները, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ տարածքին մէջ կազի վաճառքի հանգոյց ստեղծելու Մոսկուայի առաջարկի գոյութիւնը այլ բան կը յուշեն։ Ի վերջոյ, Եւրոպական Միութեան՝ իմա Արեւմուտքին «հաւաստի ու վստահելի գործընկեր» Ատրպէյճանը դժուար, թէ Ռուսիոյ հետ նման գործարք մը կնքէ առանց Ուաշինկթընի թոյլտուութեան կամ այս պարագային ցուցմունքին։

Այս բոլորէն կարելի է եզրակացնել հետեւեալը․ Արեւմուտքը, բազմաթիւ փորձեր կատարելէ ետք, եզրակացուցած է, որ գործնականին մէջ ռուսական կազին կենսունակ այլընտրանք մը գոյութիւն չունի, իսկ ուժանիւթի աղբիւրներու բազմազանացումը Եւրոպան Ռուսիայէն կախեալ ըլլալու «անախորժ կացութենէն» ձերբազատուելու հարկ եղած ազդեցութեան չափը չունի։ Իրողութիւն մը, որուն լոյսին տակ Արեւմուտքը կը թուի Մոսկուայի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած ըլլալ ռուսական կազը երրորդ երկիրներու՝ Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ ճամբով Եւրոպա առաքելու շուրջ։

Գոյացած համաձայնութիւնը Արեւմուտքի եւ մասնաւորաբար Եւրոպական Միութեան պարտութիւնը կը մեղմացնէ եւ զայն կը դարձնէ արժանապատիւ, որովհետեւ ներկայ պայմաններուն մէջ ռուսական կազը ուղղակի Ռուսիայէն ստանալու շուրջ համաձայնութիւն մը համազօր պիտի ըլլար անձնատուութեան։

Ենթադրեալ համաձայնութիւնը, սակայն, կրնայ միայն փոխզիջումնային ըլլալ, եւ այս իրողութենէն ալ կը ծագի այն հարցումը, թէ Քրեմլինը իր այս զիջումին դիմաց ի՞նչ կը ստանայ։

Յստակ է, որ այս գործարքին գինը առաջին հերթին Ուքրանիան է, որ պիտի վճարէ, ահա թէ ինչու Քիեւ դիմեց  ՆԱԹՕ-ի անդամ Լեհաստանի մէջ պայթած հրթիռի սադրանքին, որ սակայն ձախողեցաւ։

Վարշաւան սկզբնական ժամերուն խանդավարութիւն ցուցաբերեց ուքրանական ծրագիրին նկատմամբ, ահա թէ ինչու ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան 17 Նոյեմբերին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին դիպուկ կերպով յայտարարեց.«Ուքրանիան եւ Լեհաստանը՝ օգտագործելով սահմանին հրթիռներու իյնալը, փորձած են Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ ուղղակի բախում հրահրել»։ Ան, սակայն զլացաւ նշելու, թէ Անգարայի մէջ գոյացած ռուս-ամերիկեան համաձայնութեան տապալումը կանխարգիլելու համար այդ սադրանքը ձախողցնողը առաջին հերթին Ուաշինկթընն էր՝ այդ ալ բարձրագոյն մակարդակով։

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 16 Նոյեմբերին՝ դէպքէն ժամեր ետք, արդէն բացայայտ կերպով յայտարարած էր, թէ հրթիռը Ռուսիայէն արձակուած չէր՝ ընդգծելով.«Նախնական տեղեկութիւններ կան, որ կը հերքեն այդ մէկը», իսկ ամերիկացի պաշտօնատարներ «Էսոշիյէթտ Փրես»-ի յայտնեցին, որ ըստ նախնական արդիւնքներու, հաւանական է, որ Լեհաստանի մէջ ինկած հրթիռը արձակուած էր ուքրանական ուժերու կողմէ՝ վնասազերծելու համար ռուսական հրթիռ մը։ Ուաշինկթըն այդպիսով ամերիկացի անանուն պաշտօնատարներու ճամբով կու գար մատնացոյց ընելու սադրանքին հեղինակը, սակայն նոյն ատեն դէպքը արկած որակելով «վեհանձնօրէն» մեղմացնելու «չարաճիճի» Քիեւի յանցանքը։

Ռուս-ամերիկեան գործարքը նաեւ չի կրնար չմտահոգել հայկական կողմը, որովհետեւ նկատի ունենալով անոր դերակատարները, ատիկա չի կրնար մեզի չվերաբերիլ։ Կը մնայ տեսնել, թէ ատիկա ինչպիսի՛ ազդեցութիւն պիտի ունենայ անմիջականօրէն մեզի առնչուած հարցերու վրայ։

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Խումբին Պարգեւատրումները

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?