Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահները 17 նոյեմբերին երկկողմանի յարաբերութիւններու շուրջ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած են: Այս մասին կը հաղորդէ Քրեմլին:
«Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք առաջին անգամ ըլլալով պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ որեւէ խօսք չկայ շրջանային խնդիրներու, կամ ալ Մոսկուայի միջնորդութեամբ Հայաստանի հետ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու մասին:
Կարճ բնագիրին մէջ միայն կը նշուի. «Քննարկուած են առեւտրատնտեսական ու ուժանիւթային ոլորտներու մէջ ռուս-ազրպէյճանական համագործակցութեան վերաբերող առանձին հարցեր»:
Պաքուն նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւն հրապարակած է` աւելցնելով միայն, որ զրոյցը կայացած է ռուսական կողմի նախաձեռնութեամբ: