ՄԱՐԱԼ ԽՏԸՐԼԱՐԵԱՆ-ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Ինչպէ՛ս կարելի է քանի մը տողերու մէջ ամփոփել աւելի քան կէս դարու վաստակ ունեցող կրթական մշակի մը, հասարակական գործիչի մը, մշակութային հարուստ հորիզոնով օժտուած միութենական նուիրեալի մը եւ վերջապէս հաւատաւոր կուսակցականի մը կեանքն ու գործունէութիւնը:
Օրիորդ Գեղանին… Երեւոյթ մը` Ազգային Աբգարեան վարժարանէն ներս եւ անկէ դուրս թէ՛ ծնողներուն, թէ՛ ուսուցիչներուն, թէ անձնակազմին, եւ թէ հոգաբարձութեան համար: Կարելի չէ օրիորդ մակդիրը անջատել անոր անունէն: Ան այն մեծատառ ՏՆՕՐԷՆՈՒՀԻՆ էր, զոր կարելի չէ չյարգել եւ չզմայլիլ իրմով: Ան իր անխոնջ աշխատանքով, բծախնդիր մօտեցումով եւ յաճախ անզիջող կեցուածքով դարձաւ իր ուսուցչական կազմին օրինակելի պատասխանատուն, ղեկավարը, որ ոչ միայն խօսքով, այլեւ գործով դարձաւ տիպար հայ ուսուցիչ, հայ դաստիարակ, «ծնողք», հարազատ ու բարեկամ:
Իւրաքանչիւր օր, իւրաքանչիւր հանդիպում, թէկուզ կարճ երկխօսութիւն մը կամ զրոյց մը, առիթ էր բոլորիս համար օգուտ մը քաղելու, նոր գիտելիք մը ամբարելու անոր ծով-ծո՜վ փորձառութիւններէն, այնքա՜ն տալիք ունէր, այնքա՜ն փոխանցելիք:
Հմուտ էր հայոց լեզուի ծալքերուն, հայ գրականութեան, պատմութեան եւ մշակոյթին: Ամէն անգամ որ թուղթն ու գրիչը ձեռքը անցնէին, զարմանալի արագութեամբ մատիտը կը սահէր մատներուն մէջ` շարադրելու համար նամակ մը, խօսք մը, յօդուած մը: Բառերու եւ շարահիւսութեան կախարդ էր ան, միտքերու շտեմարան մը ու կարծես գրիչը չէր հասներ մտածումներուն առատութեան եւ անոնց հոսքին արագութեան:
Սակայն, կեանքը շատ դաժան գտնուեցաւ այս նուիրեալ դաստիարակին նկատմամբ: Ծանր դէպքերը, տխուր պատահարները զիրար հալածեցին իր կեանքին ամբողջ տեւողութեան, կարծես ամէն ուղղութեամբ զիրար հրմշտկելով աշխատեցան զինք ընկճել, թուլութեան մատնել, բայց անխոնջ եւ ընկրկում չճանչցող մեր նաւավարը տեղի չտուաւ ու թիավարեց հոսանքին դէմ` ճեղքելով կատղած ծովու մեծ ու փոքր ալիքները:
Մօրը, հօրը, երեք եղբայրներուն եւ երկու քոյրերուն յաջորդական, անսպասելի եւ յաճախ կանխահաս մահերը, թէեւ մեծապէս ցնցեցին զինք, բայց ան միշտ մնաց աննկուն եւ անպարտելի: Գերմարդկային տարօրինակ կորովով մը դիմաւորեց այս կորուստները` իր խաղաղութիւնը, գոյատեւելու պայքարը եւ երբեմն նոյնիսկ իր երջանկութիւնը փնտռելով իր շատ սիրելի աշակերտներուն դաստիարակութեան եւ հայեցի կրթութեան մէջ:
Ու շարունակեց թիավարել հոսանքն ի վեր, իւրաքանչիւր աշակերտի յաջողութեամբ հպարտացաւ եւ երբեմն նոյնիսկ մանուկի մը անմեղութեամբ հրճուեցաւ ու խայտաց… Միշտ ալ կեդրոնացաւ լաւին, գեղեցիկին ու դրականին վրայ` ետեւ հրելով, արհամարհելով վատը, տգեղը եւ տխուրը:
Եւ այսպէս, օրիորդ Գեղանիին ուրախութիւնը իր լրումին հասաւ, երբ 2015 յունիսին բարձր շքանշանով մը պարգեւատրուեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ` իր տարիներու վաստակին ու նուիրումին համար: Կէս դարու անընդմէջ աշխատանքին վարձատրութիւնն էր, որ կը վայելէր` շրջապատուած ընտանիքի անդամներով եւ հարազատներով:
Յաջորդ օրը ուսուցչական կազմը հաւաքուած էր տեսչարան` կիրակի օր կայանալիք հանդէսին վերջին մանրամասնութիւնները ճշդելու համար:
Այդ օր օրիորդ Գեղանիին աչքերը տարբեր փայլք ունէին… Տարբեր եռանդով, յաւելեալ խանդավառութեամբ օժտուած, ներքին ուժ մը կարծես զինք երիտասարդացուցած էր: Իր ուրախութիւնը վարակիչ էր, խրախուսիչ բոլորիս համար: Մեր անկեղծ շնորհաւորանքները համեստօրէն լսելէ ետք, բաժնուեցանք:
Կիրակի առաւօտեան Ազգային Աբգարեան վարժարանի ամավերջին հանդէսն էր: Շատ խնամքով եւ բծախնդրօրէն պատրաստուած յայտագիրի աւարտին օրիորդ Գեղանին բեմ բարձրացաւ տնօրէնութեան խօսքը փոխանցելու, սակայն նախորդ օր աչքերուն մէջ շողացող փայլքը անհետացած էր, խրպոտ ու վճռական ձայնը դարձած էր մեղմ ու վարանոտ, թախիծ կար այդ երբեմնի ժպտուն դէմքին վրայ:
Հանդէսը աւարտեցաւ բարձր տրամադրութեամբ, աշակերտները, յատկապէս աւարտական դասարանի, երջանիկ էին, ծնողները` հպարտ, իսկ մենք` ուսուցչական կազմը, գոհունակ, դպրոցական տարեշրջան մը եւս իր լրումին հասցուցածի բաւարարութեամբ:
Սակայն օրիորդ Գեղանին չկար… անհետացած էր…
Երկուշաբթի առաւօտուն միայն իմացանք, որ ան դադրած է իր ասպարէզէն, 50 երկար տարիներու ծառայութենէ ետք հանգստեան կոչուած է:
Բայց օրիորդ Գեղանին շարունակեց թիավարել: Քանի մը տարի ալ ծառայեց այլ հաստատութիւններու մէջ, մինչեւ որ փոթորիկը զինք տարաւ ու հասցուց հայրենիք, իր պաշտելի Հայաստանը, ուր իր վերջին շունչը փչեց: Ծովը խաղաղեցաւ, եւ ինք հանգչեցաւ:
Օրիո՛րդ Գեղանի,
Ազգային Աբգարեան վարժարանի ուսուցչական կազմին ու պաշտօնէութեան անունով մեր երախտագիտական զգացումները կ՛ուզեմ փոխանցել` իբրեւ ծաղկեպսակ քու արդար վաստակիդ` խոստանալով, որ շունչդ ու հոգիդ անմար պիտի մնան գալիք սերունդներուն մէջ: