Անգլիոյ բարձրագոյն դասակարգին` «Փրեմիեր Լիկ»-ին մէջ գոյատեւելու համար պայքար մղող կազմերէն Սաութհեմփթընի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Նէյթըն Ճոնզ նշանակուեցաւ ակումբի գլխաւոր մարզիչ` փոխարինելով Ռալֆ Հասենհաթըլը, որ շաբաթասկիզբին կորսնցուց իր պաշտօնը:
Կողմերը իրարու հետ կնքեցին երեքուկէս տարուան համաձայնագիր մը:
Հասենհաթըլի հետ Սաութհեմփթըն այս տարեշրջանին 14 մրցումի ընթացքին ապահովեց 12 կէտ:
Նշենք, որ 49 տարեկան Ճոնզ, որ Սթոք Սիթիէն տեղափոխուեցաւ Սաութհեմփթըն, վերջին երկուքուկէս տարիներուն կը մարզէր Սթոք Սիթին (Ա. դասակարգ, «Չեմփիընշիփ»):