Անգլիական «Միրըր»-ի համաձայն, հնդիկ միլիառատէր Մուքեշ Ամպանի առաջարկած է գնել անգլիական Լիվըրփուլ ակումբը:
Նշուեցաւ, որ հնդիկ գործատէրը (65 տարեկան) աշխարհի 8-րդ ամէնէն հարուստ անձն է եւ անոր արժէքը կը գնահատուի 102 միլիառ եւրոյով:
Վերջերս յայտարարուեցաւ, որ Տուպայէն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) ներդրողներ իրենց կարգին մօտէն հետաքրքրուած են Լիվըրփուլը գնելով:
Նշենք, որ այժմ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր Լիկ») 15-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, Լիվըրփուլ, որ ցարդ ապահոված է 22 կէտ, կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 6-րդ դիրքը եւ 15 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Արսենալէն: