Ֆրանսայի եւ Ազրպէյճանի նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Էմանուէլ Մաքրոնը հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են Փրակայի մէջ կայացած քառակողմ հանդիպումի արդիւնքները: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը նշէ, որ այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական կողմը:
Ազրպէյճանական կողմը նաեւ կը նշէ, որ հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը տեղի ունեցած է ֆրանսական կողմի նախաձեռնութեամբ:
Էլիզէի պալատի հաղորդագրութեան համաձայն, զրուցակիցները Փրակայի քառակողմ հանդիպումին աւարտին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման գործին մէջ սերտ համակարգման ցանկութիւն յայտնած են:
Մաքրոն յայտարարած է, որ 19 նոյեմբերին կայանալիք Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան 18-րդ վեհաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Ան վերահաստատած է Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը` աջակցելու երկու երկիրներուն միջեւ լուծման հոլովոյթին եւ աշխատելու շրջանին մէջ քաղաքական լուծման հասնելու համար, որ արտօնութիւն պիտի տայ երկարատեւ խաղաղութիւն հաստատելու:
Էմանուէլ Մաքրոն նաեւ ողջունած է Ազրպէյճանի հետ Հայաստանի սահման գործուղուած Եւրոպական Միութեան քաղաքային առաքելութեան կայունացնող ազդեցութիւնը: