Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ պետական սահմանի սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի անդամները փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանի գլխաւորութեամբ այսօր Պրիւքսելի մէջ պիտի մասնակցին սահմանազատման եւ սահմանային անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբերու 2-րդ նիստին:
Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը:


