Ռուսիոյ նախագահը իր թուրք պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած է Սոչիի մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ ունեցած եռակողմ հանդիպումի արդիւնքները:
Փութին եւ Էրտողան շրջանային հարցերէն բացի քննարկած են հացահատիկի գործարքին շուրջ ստեղծուած կացութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը` յղում կատարելով Քրեմլինին:
Վլատիմիր Փութին յայտնած է ուքրանական հացահատիկի արտածման շուրջ գործարքը կասեցնելու Ռուսիոյ պատճառները: Ըստ Քրեմլինի հաղորդագրութեան, ընդգծուած է, որ անհրաժեշտ է մանրամասն հետաքննութիւն կատարել Սեւասթոփոլի դէմ հարուածներուն շուրջ, ինչպէս նաեւ Քիեւէն Պոլսոյ համաձայնութիւններու խստիւ պահպանման իրական երաշխիքներ ստանալ, մասնաւորաբար` մարդասիրական միջանցքը զինուորական նպատակներով չօգտագործելու վերաբերեալ: Ատկէ ետք միայն կարելի պիտի ըլլայ քննարկել «Սեւծովեան նախաձեռնութեան» ծիրին մէջ աշխատանքները վերսկսելու հարցը:
Ըստ թրքական կողմին, Էրտողանն ալ շեշտած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ խթանել հացահատիկի գործարքին առնչուած խնդիրները լուծելու նախաձեռնութիւնները:


