Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ ըսած է, որ Ռուսիան պիտի շարունակէ միջնորդական ջանքերը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ինթըրֆաքս»-ը:
«Ռուսիան հանդէս եկած է իբրեւ միջնորդ, կը շարունակէ հանդէս գալ եւ օգնութիւն պիտի տրամադրէ, որպէսզի երկու երկիրները հասնին խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրութեան», երէկ Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Սահիպա Կաֆարովայի հետ հանդիպումի ընթացքին յայտարարած է Մաթվիենքօ:
Դաշնակցային խորհուրդի նախագահը յիշեցուցած է, որ «Վալտայ» ակումբին մէջ արտասանած իր խօսքին մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ըսած է, որ Ռուսիան պիտի աջակցի որեւէ որոշումին, որ պիտի օգնէ շրջանին մէջ խաղաղութեան հասնելուն եւ, ի հարկէ, պէտք է հաշուի առնէ երկու երկիրներու շահերը:
«Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը ի վերջոյ պէտք է լուծումներ գտնեն սահմանազատման եւ խնդրայարոյց հարցերու շուրջ», ըսած է Մաթվիենքօ:
Ան նշած է, որ այդ նպատակին հասնելու համար պիտի օգտագործուի նաեւ խորհրդարանական համագործակցութիւնը:
Հանդիպումը տեղի ունեցած է ԱՊՀ-ի անդամ պետութիւններու միջխորհրդարանական վեհաժողովի նստաշրջանի ծիրին մէջ:


