Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լէա Ուկանտայի Մէջ Կ՛աշխատի Կենսոլորտի Պահպանման Համար

Հոկտեմբեր 29, 2022
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Լէա Նամուկերուա կ՛ապրի Ուկանտայի մէջ, Ափրիկէ: Երբ ան 13 տարեկան էր, սկսած էր աղբերը հաւաքելու, ապա կերպընկալին գործածութեան դէմ պայքարելու: Յաջորդ փուլը եղաւ կլիմայի համար գործադուլը… Եւ շնորհիւ անոր` 5 տարուան ընթացքին հազարաւոր «տարեդարձի» ծառեր տնկուեցան:

13 տարեկանին արդէն Լէա հետաքրքրուած էր աշխարհի հարցերով: Ան կը կարդար, լուրեր մտիկ կ՛ընէր, հարցումներ կը հարցնէր: Իրեն համար իր երկիրը սքանչելի էր… Բայց դժբախտաբար ան կը վերածուէր բացօթեայ աղբանոցի մը:

Սակայն փոխանակ ցաւելու, գանգատելու կամ ընդունելու իրականութիւնը` ան կ՛որոշէ գործի անցնիլ: Կը սկսի աղբերը հաւաքել շաբաթը անգամ մը: Բարեկամներ կ՛որոշեն անոր միանալ: Անոնք կը կազմակերպեն մաքրութեան արշաւներ Ափրիկէի ամէնէն մեծ լիճին` Վիքթորիայի ափերուն վրայ:

Լէա հետաքրքրուած եւ մտահոգ է նաեւ կենսոլորտով եւ իր շրջապատով: Ան աղերսագիր մը կը պատրաստէ` պահանջելով, որ կերպընկալի գործածութիւնը արգիլող ուկանտական օրէնքը գործադրուի: Իր խօսքին մէջ ան կը նշէ, որ Վիքթորիա լիճին մէջ ձուկերէն աւելի կերպընկալէ իրեր գոյութիւն ունին:

Օր մը, սաստիկ անձրեւներէ ետք ցեխի հոսանքներ մեծ վնասներ կը պատճառեն, եւ զոհեր կ՛արձանագրուին երկրին մէջ: Լէա ազդուած է, եւ տխուր…

Համացանցին վրայ ան կը ծանօթանայ Կրեթա Թանպըրկի` գրեթէ իր տարիքը ունեցող շուէտացի աղջկան մը: Շուէտի մէջ Կրեթա ամէն շաբաթ դասադուլի կը մասնակցի` մերժելով դպրոց երթալ` երկրին պատասխանատուներուն ստիպելու համար կարեւոր որոշումներ կայացնել կլիմայի ջերմացման դէմ պայքարելու համար:

Կրեթային այս շարժումը կը մղէ Լէան մտածելու: Ան կ՛անդրադառնայ, որ կլիմային ջերմացման աստիճանական բարձրացումին հետեւանքներէն են իր երկրին մէջ տեղի ունեցող միշտ աւելի սաստիկ եւ մեծ թիւով պատահարները, ինչպէս` երաշտը, հեղեղները, ցեխի հոսանքները…

Կրեթայի նման, ան ալ կ՛որոշէ «Կլիման փրկեցէք» պաստառը բռնած` գործադուլ ընել Ուկանտայի մայրաքաղաք Քամփալայի կեդրոնը, ուր հետագային ուրիշ երիտասարդներ եւ պատանիներ կու գան իրեն միանալու:

Լէա մտահոգ է նաեւ ի երկրին անտառներուն վիճակով: Ծառերը կը կտրուին, եւ ներկայի կշռոյթով անտառները կրնան անհետանալ իր երկրէն մինչեւ 2040 թուականը: Հետեւաբար ան կ՛որոշէ անտառներուն տարածքը ընդլայնել եւ ծառեր տնկել:

Իր 14-րդ տարեդարձին առիթով ան կ՛որոշէ ծառեր տնկել` հաւաքոյթ մը կազմակերպելու փոխարէն, 15-րդ տարեդարձին օրը ան իր ընկերները կը հրաւիրէ իրեն հետ 200 ծառ տնկելու: 16-րդ տարեդարձին առիթով, անոնք կը տնկեն 500 ծառ, 17-րդ տարեդարձին` 700: Իսկ անցած օգոստոսին` իր 18-րդ տարեդարձին առիթով, 800 ծառեր կը տնկուին:

Լէա կը նախաձեռնէ «Պըրթտէյ թրիզ» (տարեդարձի ծառերը) շարժումին: Ան կ՛առաջարկէ մարդոց, ինչպէս նաեւ` հաստատութիւններու, ծառեր տնկել իրենց տարեդարձին օրը: Ան նոյնիսկ կը գտնէ միջոցը` անոնց հայթայթելու ծառերու տնկիներ: Մինչեւ այսօր աւելի քան 5000 «տարեդարձի ծառեր» տնկուած են Ուկանտայի մէջ: Լէա կ՛առաջարկէ, որ մարդիկ այս շարժումին մասնակցին նաեւ աշխարհին չորս կողմերը:

Գիտէի՞ր, Թէ…

Հալոուինի Տօնը

Հալոուինը մանուկներուն, եւ չափահասներուն կողմէ շատ սիրուած տօներէն մէկն է, որովհետեւ անոնք առիթը կ՛ունենան ծպտուելու եւ պտտելով` քաղցրաւենիք հաւաքելու…

Սակայն գիտէի՞ր, թէ ծագումով Հալոուինը իրլանտական տօն մըն էր: Անիկա իրլանտական Նոր տարին էր: Մօտաւորապէս 3000 տարիներ առաջ, իրլանտացիներուն նախահայրերուն օրացոյցը չէր վերջանար 31 դեկտեմբերին, այլ` 31 հոկտեմբերին, որ տարուան վերջին օրն էր:

Հոկտեմբեր ամսուն գիշերները կ՛երկարին եւ, ըստ աւանդութեան, առիթէն օգտուելով, ոգիները կու գան մարդոց այցելութեան: Հետեւաբար, որպէսզի այս ոգիները չգան զիրենք նեղացնելու, հին իրլանտացիները ունէին քանի մը սովորութիւն: Այս սովորութիւններէն մէկն էր ահազդու տարազներ հագուիլ այդ ոգիներուն վախցնելու համար եւ 31 հոկտեմբերին գիշերը հաւաքուիլ միասին զուարճանալու համար:

Հալոուինի Ձեռային Աշխատանք

Ահա պզտիկ ձեռային աշխատանք մը` Հալոուինի առիթով: Պէտք պիտի ունենաս պարզապէս թուղթերու եւ գունաւոր մատիտներու:

Պզտիկ կախարդին գլխու բաժինը շինելու համար հետեւէ պատկերներուն մէջի բացատրութեան` ուշադրութեամբ ծալելով թուղթը, ինչպէս նշուած է: Ապա գլխու բաժինը փակցուր խաւաքարտի մը վրայ, աւելցուր կախարդին մարմինը եւ զարդարէ քարտը:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 30 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս թուաբանական գործողութիւններուն պատասխանները տախտակին զետեղել իրենց տեղերը:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Հոկտեմբեր 2022)

Յաջորդը

«Կեանքի Պատուհանէն»-ը Պէյրութէն Հասաւ

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?