Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած է Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն եւ Հարաւային Կովկասի մէջ տիրող կացութեան: «Անատոլու» կը հաղորդէ, որ ան լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ վերջին հանդիպումի ընթացքին այդ հարցերը քննարկած է:
«Հարաւային Կովկասի մեր ընդհանուր տեսլականը հիմնուած է խաղաղութեան, կայունութեան եւ զարգացման վրայ: Սահմաններու սահմանազատումը, Նախիջեւանի եւ Ազրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու միջեւ հաղորդակցութեան բացումը եւ (Հայաստանի հետ) խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումը պիտի ըլլան կարեւոր քայլեր, որոնք պիտի նպաստեն շրջանին մէջ կացութեան կարգաւորման: Տարիներ ետք շրջանին մէջ երկարաժամկէտ խաղաղութեան կարելիութիւն ստեղծուած է, եւ ատոր համար պէտք էր մեծ գին վճարել», ըսած է Էրտողան:
Ան յոյս յայտնած է, որ Հայաստան պիտի օգտուի այս «պատմական կարելիութենէն»:
«Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթացը, անկասկած, դրականօրէն պիտի անդրադառնայ Անգարայի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթին վրայ», ըսած է Թուրքիոյ նախագահը:


