Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Յոյսով Են, Որ Հայաստանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութիւնը Պիտի Նպաստէ Երկարատեւ Խաղաղութեան

October 21, 2022
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին անդրադարձած է Հարաւային Կովկասին` յայտարարելով, որ շրջանի երկիրները «ռուս-իրանեան դաշինքը» պէտք է նկատեն «խորքային սպառնալիք»:

Լրագրող մը Փաթելի հարցուցած է, թէ արդեօք Իրանի եւ Ռուսիոյ միջեւ գտնուող երկիրները` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, ինչպէս նաեւ միւսները, յստակ կերպով կը գիտակցի՞ն հաւանական հետեւանքները, եթէ իրանեան հրթիռները իրենց տարածքին ճամբով Ռուսիա փոխադրումը արտօնեն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբերը ըսած է, որ չի պատրաստուիր շահարկել այն, թէ այլ երկիրներ ինչպէ՛ս կրնան վերաբերիլ այս կամ այն երկրին: «Սակայն ես պիտի օգտուիմ այս առիթէն անգամ մը եւս կրկնելու, որ Ռուսիոյ` Իրանի հետ դաշինքի խորացումը բան մըն է, որ ամբողջ աշխարհը, ներառեալ շրջանի երկիրները, ներառեալ ձեր նշած որոշ երկիրները, պէտք է խորքային սպառնալիք նկատեն: Մէկ կողմէ ունինք Ռուսիան, որ մէկ այլ երկիր բարբարոսական, անօրինական եւ անարդար ներխուժման կը մասնակցի, ունինք Իրանը, որ յայտնի է շրջանին մէջ ապակայունացնող, բռնի գործողութիւններու մասնակցութեամբ: Այնպէս որ, ամբողջ շրջանը պէտք է մտահոգուած ըլլայ», ըսած է ան:

Փաթել նաեւ անդրադարձած է այս շաբաթ Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան մշտադիտարկման առաքելութեան տեղակայման լոյսին տակ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան շուրջ բանակցային հոլովոյթի ներկայ կացութեան:

Պատասխանելով լրագրողի հարցումին, թէ արդեօք այդ քայլը պիտի օգնէ՞ յառաջընթաց արձանագրելու շրջանին մէջ յարատեւ խաղաղութեան հասնելու գործին մէջ` Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբերը ըսած է. «Մենք յոյս ունինք: Եւ ատիկա այն է, ինչի համար արտաքին գործոց նախարարը եւ դեսպան Ռիքըրը (Կովկասի բանակցութիւններու գծով Միացեալ Նահանգներու աւագ խորհրդական, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ) եւ միւսները այս շէնքէն կը շարունակեն պնդել տուեալ նիւթը քննարկելու ընթացքին: Չեմ ուզեր հոլովոյթէն յառաջ անցնիլ, սակայն, ի հարկէ, մեր վերջնական նպատակը այստեղ խաղաղ լուծումն ու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կարգաւորումն է»:

 

Նախորդը

Դիմելով Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին` «Եթէ Շրջանի Որեւէ Անկիւնը Միջադէպ Տեղի Ունենայ, Եւ Մեր Շահերը Վտանգուին, Մենք Չէզոք Պիտի Չմնանք» Կ՛ըսէ Զօր. Սալմանի

Յաջորդը

«ՀԱՊԿ-ի Խորհուրդը Պիտի Քննարկէ Հայաստանին Միացեալ Աջակցութիւն Տրամադրելու Առաջարկները» Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց Հնդկաստանի Բանակի Ընդհանուր Հրամանատարը

February 3, 2026
«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել»  Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ
Գլխաւոր լուրեր

«Մինչեւ Հայաստանի Մէջ Յունիսին Նախատեսուած Ընտրութիւնները, Մենք Կրնանք Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել» Կ՛ըսէ Հասանկիւլիեւ

February 3, 2026
Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.