Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան գծով, այսօր` հինգշաբթի, 20 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան երկու մրցումներ, յետաձգուած` 2-րդ հանգրուանէն:
Երեկոյեան ժամը 19:30-ին, ՀՄԸՄ Պէյրութ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Ռիատի Պէյրութը:
Նոյն ժամուն տեղի պիտի ունենայ Լիտըրզ-Պէյրութ մրցումը:
ՀՄԸՄ, որ ցարդ կատարած է երկու մրցում, իր ամէն կարելին պիտի ընէ արձանագրելու համար տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն ամէն գնով կը սպասուի ուղղուիլ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր եւ քաջալերել իրենց կազմը` իրենց մարզիկներուն հետ միասնաբար կերտելու համար յաղթանակը:
Այսօրուան այս մրցումը ՀՄԸՄ-ի համար պիտի ըլլայ առաջինը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն պիտի ուղղուին Մըզհեր:


